Ժամանակի այս անվերջ թաւալումին մէջ, տարի մը եւս ամբողջացուցինք ու Նոր Տարուան նախամուտին, նախորդէն յաջորդին անցնելու կամրջումը կը կատարենք լաւատեսութեան մթնոլորտին մէջ, որովհետեւ մարդ արարածին սովորական բնաւորութիւնն է ակնկալել լաւագոյնը եւ ձգտիլ լաւագոյնին:
Կաղանդը Վահան Թէքէեան Վարժարանի մանկապարտէզէն ներս տարբեր էր, փոքրիկները ուրախ էին եւ կ՝ուզէին այս ուրախութիւնը բաժնեկցիլ իրենց շատ սիրելի ծնողներուն հետ ։ Այս նպատակով իրենց ուսուցչուհիներու նախաձեռնութեամբ պատրաստած էին «Շնորհաւոր Ս․ Ծնունդ» խորագիրով հանդէս մը եւ հրաւիրած ծնողներն ու սիրելիները։
Երեքշաբթի՝ 20 Դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11:15-ին, յայտագիրը ընթացք առաւ Լիբանանի , Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներով, մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ. Վերա Հաննա բացման խօսքին մէջ շեշտեց, թէ սոյն ձեռնարկին հիմնական նպատակն է Նոր Տարուան եւ Ս․ Ծնունդի ոգին փոխանցելու կողքին սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամը տալ ։
Մանկամսուրի մանուկները պարելէ ետք, աշակերտները հիւրընկալեցին Կաղանդ Պապուկը բեմին վրայ, միասին երգեցին ու պարեցին ։ Ապա Կաղանդ Պապուկը ճամբելէ ետք կենդանի պատկերով մը ներկայացուցին «Յիսուս Մանուկի Ծնունդը», եւ երգ ու պարով բոլորը միասին գեղեցիկ տօնածառ մը զարդարեցին։
Յայտագիրի աւարտին, տնօրէնուհի Տիկ․ Կալինա Նաճարեան իր սիրտի խօսքը փոխանցելով ըսաւ. « Կը շնորհաւորեմ մեր փոքրիկները, որոնք իսկապէս ալ յաջողեցան իրենց դերերով աւետել Յիսուս Մանուկի Ծնունդը իր ողջ հմայքով,գոյներով ու մանաւանդ խորհուրդով։ Կը հաւատանք, թէ մեր փոքրիկները ապագայ նոր սերունդն են եւ թէ իրենք յետագային պիտի լծուին քրիստոնեայ հայ կերտելու այս վսեմ գործին»։ Վերջապէս շնորհակալութիւն յայտնեց եւ շնորհաւորեց սիրելի ծնողները՝ ցանկալով ամենայն բարիք Նոր Տարուան եւ Ս․ Ծնունդի առիթով։ Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն ։
Իսկ Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2016-ին, Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանի բակը ողողուած էր աշակերտներուն ուրախ կանչով, որ հարազատ արտայայտութիւնն էր անոնց ցնծութեան: Զանգը հնչելէն ետք Նախ․ Ա.-էն Միջն․ Գ. դասարանի աշակերտները ուղղուեցան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր քահանայ հայրը անոնց փոխանցեց Սբ. Ծնունդի խորհուրդը, ապա բոլորը հաղորդուեցան Յիսուս Քրիստոսի արեամբ ու մարմնով, որմէ ետք վերադարձան դպրոց: Նախակրթարանի ու միջնակարգի աշակերտները խանդավառ կը սպասէին փոխադրակառքերը, երթալու համար« Mc Donalds» ճաշարան: Այս տարի եւս «Ժպիտ» բարեսիրական կազմակերպութիւնը չբաւարարուեցաւ այս զոյգ տօներուն առիթով մեր աշակերտներուն լոկ ազնիւ մաղթանք մը կատարելով, այլ պտոյտի կազմակերպման միջոցով անոնց ուրախացուց գործնապէս:
Մեր աշակերտները շատ հաճելի ժամանակ անցուցին խաղավայրին մէջ խաղալով, ինչպէս նաեւ ճաշակեցին համադամ ուտելիքներ:
Վերջապէս մեր աշակերտներուն ուրախութիւնը ամբողջացաւ, երբ դպրոց վերադառնալէ ետք Նախ. Ա.-էն Միջն. Գ. դասարանի աշակերտներուն բաժնուեցան նուէրներ թէ՛ «Provideo» հաստատութեան, թէ՛ ալ վարժարանիս Ծնողաց ժրաջան յանձնախումբին կողմէ: Իսկ մանկապարտէզի աշակերտները ուղղուեցան «L’atelier des 5 sens» Ժէլ Ալ Տիպ, Նոր Տարին յատուկ խրախճանքով տօնելու համար: Հրամցուեցաւ նաեւ ճաշ ու անակնկալներ «Ժպիտ» կազմակերպութեան կողմէ։ Աշակերտները խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան, որ բաժնեց նուէրներ վարժարանիս Տիկնանց օժանդակ մարմինի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի եւ World Heritage-ի կողմէ։ Փոքրիկները նուէրներով եւ իրենց պատրաստած ձեռայիններով վերադարձան տուն։
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով մեր ջերմագին մաղթանքն է, որ 2017 տարեշրջանը խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն պարգեւէ բոլորին, որովհետեւ խաղաղ մթնոլորտի մը մէջ հնարաւոր է կերտել արդիւնաւէտ եւ բարգաւաճ կեանք մը:
Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ