Հայ իրանական առեւտրա-տնտեսական կապերու ամրապնդման նպատակով՝ Երեւանի մէջ, իր աշխատանքները սկսած է «Հայաստան-Իրան» գործարար համաժողովը, որ վերջին մէկ տարուան մէջ երկկողմ չորրորդ խոշոր հաւաքն է: Համաժողովը կազմակերպուած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին կողմէ, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանիի Հայաստանի Հանրապետութիւն պաշտօնական այցին առիթով: Համաժողովին կը մասնակցին աւելի քան 170 գործարարներ, որոնցմէ շուրջ 90-ը՝ Իրանէն, կան նաեւ հայ ձեռներէցներ: Հայ եւ իրանցի գործարարները կը ներկայացնեն տնտեսութեան ամենատարբեր ոլորտները` ֆինանսական եւ դրամատնային, սնունդի վերամշակման, հիւսուածքի, ոսկերչութեան, դեղագործութեան, բժշկական սարքաւորումներու եւ գիւղատնտեսական տեխնիկայի, ճշգրիտ ճարտարագիտութեան, տեղեկատուական արուեստագիտութիւններու, շինանիւթի եւ այլն:
Կը նախատեսուին նաեւ երկուստեք գործարար հանդիպումներ (B2B), որոնց ընթացքին հայ եւ իրանցի գործարարները հնարաւորութիւն պիտի ունենան հաստատել նոր կապեր, խորացնել առկայ համագործակցութիւնն ու հանդէս գալ համատեղ նախագիծերով: Համաժողովը իրենց ներկայութեամբ պիտի պատուեն նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ ԻԻՀ նախագահ Հասան Ռոհանի: Համաժողովի արդիւնքները նախագահներուն պիտի ներկայացնէ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան:
Հայաստանի ու Իրանի միջեւ առեւտրա-տնտեսական կապերու աշխոյժ զարգացման ուղղութեամբ կ՛իրականացուին ակնառու քայլեր, որոնց մասին կը վկայեն վերջին մէկ տարուան մէջ կազմակերպուած շարք մը համատեղ ձեռնարկները, մասնաւորապէս, 2015 թուականի Հոկտեմբեր 15-ին, Երեւանի մէջ հայ-իրանական գործարար համաժողովի իրականացումը՝ ԻԻՀ նախագահի առաջին տեղակալ Էսհաղ Ճահանկիրիի Հայաստան այցով: Յաջորդը Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի եւ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ջանքերով` 2015 թուականի Նոյեմբեր 9-ին, Թեհրանի մէջ, տեղի ունեցած Հայաստան-Իրան գործարար համաժողովն է, որուն ներկայ գտնուած է պետական ու մասնաւոր հատուածի մօտ 70 ներկայացուցիչ: 2016 թուականի Հոկտեմբեր 58-ին Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ կայացած է «Armenia Expo 2016» հայկական արտադրանքի ու ծառայութիւններու մեծ ցուցահանդէսը, որուն ներկայացուած էր 103 ընկերութեան արտադրանք: