4 տարի առաջ Հայաստան հաստատուած Մայտա Ստանպուլեան-Տէմիրճեանը ջերմութեամբ ու սիրով կը յիշէ Հալէպի մէջ անցուցած Ամանորի տօները: Ընտանեկան այս տօնին կարմիր-կանաչով կը զարդարէին տունը, կը պատրաստէին սիրելի ճաշատեսակներ…այսօր այդ ամէնը արդէն հայրենիքի մէջ կ՛ընէ: Աւելին` կը փորձէ իր կողմէ պատրաստուած ձեռագործ իրերու միջոցով` սփռոցներ, մոմակալներ, ապակիի կամ փայտի վրայ նկարուած զարդանախշեր, տօնական շունչը հասանելի դարձնել միւսներուն:
Տիկին Մայտան իր պատրաստած աշխատանքները ներկայացուցած էր վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառին, որուն ընթացքին «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը զրուցած էր անոր հետ: