Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Ի՜Նչ Ծրագիր, Ի՜Նչ Տեսլական…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ գիշեր մինչ Լիբանանի նոր կառավարութեան առաջին ժողովին եւ աւանդական խմբանկարին լրատուութեան կը հետեւէի, կը մտածէի, թէ  ի՞նչ է մեր կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը, երբ անոր կազմութեան նախօրէին միակ խօսակցութիւնը կը վերաբերէր բաժիններու, թիւերու եւ պաշտօններու, փոխան՝ ծրագիրի կամ տեսլականի…:

Ո՞ւրկէ ուր մտքով հետեւեալ հորիզոնականը ըրի.

Վերի խմբանկարը Գանատայի կառավարութեանն է, ուր օրինակի համար Առողջապահութեան նախարարը բժիշկ է, Փոխադրութեանը՝ նախկին տիեզերագնաց։ Երիտասարդութեան նախարարը 45 տարեկան է, Վարչապետը՝ գրականագէտ, Երկրագործութեան նախարարը՝ նախկին երկրագործ, եւայլն…:

Կառավարութեան կազմը, որուն 50 առ հարիւրը կիներէ կազմուած է, կ’ընդգրկէ գիտնականներ, նաեւ հաշմանդամ մը…:

Եկուր, սիրելի՛ ընթերցող, մէյ մը մերինին հետ բաղդատենք, որ կազմուեցաւ 2 տարուան նախագահական թափուրէ, նախկին կառավարութեան անդամալուծումէ եւ նոր վարչապետի նշանակումէ մէկ ու կէս ամիս (խորհրդածութիւններէ, պազարէ, կողմերու միջեւ կարկանդակի բաժիններու ճշդումէ, համայնքային թուաբանութենէ) ետք:

Տես արդիւնքը՝

Երիտասարդութեան եւ Մարմնակրթութեան նախարարը 70 տարեկան է…

30 հոգինոց կառավարութիւնը իր մէջ կ’ընդգրկէ ընդամէնը մէկ կին. այսինքն՝ իգական սեռը՝ 30 հոգինոց կազմին 3 առ հարիւրը կը կազմէ…

Արտագին Գործոց Նախարարը նախագահին փեսան է…

Նախարարներուն մեծամասնութիւնը այս կամ այն ղեկավարին սրտամօտիկ վստահելին է…

Շարունակե՞մ սիրելի ընթերցող…:

Ի տես այս պատկերին ալ ի՜նչ ծրագիր, ի՜նչ տեսլական…:

Այսօր ալ այսքան սիրելիս: Վաղը կը տեսնուինք:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին