Եւրոպական կայունութեան նախաձեռնութիւնը (European Stability Initiative) հրապարակած է «Խաւիարային դիւանագիտութիւն» զեկոյցին երկրորդ մասը՝ «Եւրոպական Ճահիճ» վերնագիրով: Ըստ Tert.am-ի՝ այդ հետաքննութեան մէջ կը շարունակուին բացայայտուիլ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ եւրոպացի պաշտօնատարներ կաշառելու ջանքերը, որոնց մէջ ներգրաւուած են տասնեակ մը բարձրաստիճան եւրոպացի քաղաքական գործիչներ:
«Խաւիարային դիւանագիտութիւն» զեկոյցին առաջին մասը հրապարակուեցաւ 2012-ին, սակայն անոր հեղինակները կը նշեն, որ զեկոյցին հանդէպ պաշտօնական արձագանգը հիասթափեցնող եղաւ իրենց համար: Հակառակ անոր որ միջազգային լրատուամիջոցները գրած էին զեկոյցին մասին, եւ «խաւիարային դիւանագիտութիւն» եզրը սկսած էր լայնօրէն օգտագործուելու, իսկ Եւրոխորհուրդին մէջ որոշ պաշտօնատարներ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած էին այդ առթիւ, այնուամենայնիւ, պատժամիջոցներ չէին որդեգրուած։
Միւս կողմէ, Պաքուի արձագանգը եղած էր՝ անտարբերութիւնը:
Այս անգամ, հեղինակները որոշած են ներկայացնել Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) այն անդամներուն անունները, որոնք ներգրաւուած են կաշառակերութեան մէջ, ներառեալ՝ ԵԽԽՎ անդամ Էլհան Սուլէյմանովի անունը, որ կը նկատուի այս քաղաքականութեան գլխաւոր կազմակերպիչը: Զեկոյցին մէջ կը նկարագրուի, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած է պատգամաւորներուն կաշառումը՝ թանկարժէք նուէրներով, պտոյտներով, մինչեւ իսկ մեծ գումարներ ներառող երկարաժամկէտ պայմանագիրներ:
Այս նպատակով, իբրեւ «նուէր» տրուած են հազարաւոր եւրոյի արժէքով թանկագին գորգեր, որոնք այնքան շատ եղած են, որ Ազրպէյճանի դեսպանատուներէն մէկը գորգերուն համար յատուկ սենեակ մը յատկացուցած է: Իբրեւ նուէր տրուած են նաեւ թանկարժէք համակարգիչներ, ժամացոյցներ եւ զարդեր:
Պաքուի շահերուն ի նպաստ լոպիական աշխատանք տանողներուն շարքին կը նշուի ԵԽԽՎ-ի Ժողովրդական կուսակցութեան խմբակի նախագահ, իտալացի խորհրդարանական Լուքա Վոլոնթէի անունը, որ արդէն իսկ կը հետապնդուի Իտալիոյ դատախազութեան կողմէ: Լուրջ կասկածներ կան նաեւ ԵԽԽՎ-ի ներկայ նախագահ Փետրօ Ակրամունտի շուրջ:
Միայն Վոլոնթէ, մօտաւորապէս 3 միլիոն եւրօ ստացած է Ազրպէյճանի ի նպաստ լոպիական իր ծառայութիւններուն համար: Այդ գումարին մէկ մասը փոխանցուած է իրեն աջակցած այլ պատգամաւորներու, որոնք քուէարկած են Պաքուի մարդկային իրաւունքներու խախտումները դատապարտող Եւրոխորհուրդի բանաձեւերուն եւ զեկոյցներուն դէմ:
20 էջնոց զեկոյցին մէջ նշուած է, թէ Վոլոնթէ, հարցաքննութիւններուն ընթացքին հաստատած է, որ տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող զանազան դրամատուներէ ստացած է իր «նուէր»ները։