«Զարթօնք»ը միշտ հաւատարիմ իր Հայրենիք-Սփիւռք կամրջումի սկզբունքին, յետայսու շաբաթական դրութեամբ պիտի հրապարակէ բաժին մը՝ «Երեւանը Այս Շաբաթ» խորագրով, որուն մէջ տեղեկութիւններ պիտի տրուին յաջորդող օրերու ընթացքին հայրենիքի մէջ տեղի ունենալիք մշակութային ձեռնարկներու ժամանակացոյցին մասին:
Սոյն բաժինին նպատակը պիտի ըլլայ քաջալերել հայրենիք գտնուող կամ հոն այցելող հայորդիները՝ տեղեակ ըլլալով ներկայ գտնուելու նշուած ձեռնարկներուն:
«Խմբ.»
22-12-2016 19:00 | Երեւան | Մշակույթ
Դեկտեմբերի 22-ին, ժամը 19:00-ին, ՀՀ-ում Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանիի ներքոյ, Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի մէջ, տեղի պիտի ունենայ Ռիխարտ Շթրաուսին նուիրուած երեկոյ:
23-12-2016 10:00 | Երեւան | Շնորհահանդէս
Դեկտեմբերի 23-ին, ժամը 10։00-ին, Երեւանի Գոնկրէս հիւրանոցի Շքասրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ «ՀՀ 2014 թուականի գիւղատնտեսական համատարած հաշուառման հիմնական արդիւնքները» խորագիրով վիճակագրական ժողովածուի շնորհահանդէսը:
24-12-2016 10:00 | Երեւան | Ցուցահադէս-վաճառք
Դեկտեմբերի 24-ին եւ 25-ին, ժամը 10:00-էն, Armenia Marriott Hotel Yerevan հիւրանոցի մէջ, տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս-վաճառք, ուր կը գտնէք բազմաթիւ իւրայատուկ եւ գեղեցիկ ձեռագործ նուէրներ ձեր եւ ձեր սիրելիներուն համար:
Մուտքը ազատ է:
25-12-2016 15:00 | Երեւան | Ցուցահադէս
Դեկտեմբերի 25-ին, ժամը 15:00-ին, «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահի 2-րդ յարկի ճեմասրահի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Երեւանս» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացումը:
Ցուցահանդէսը կը գործէ մինչեւ 2017 թուականի Յունուարի 6-ը:
Մուտքը ազատ է: