ՀԲԸՄ Փլովտիւի երիտասարդները` Անահիտ եւ Յակոբ Թադեւոսեանները, Արմինէ Պատուականեանը, Կարապետ Կազասեանը եւ Դաւիթ Կարեպտեանը, որոնք 2013-2016թթ. մասնակցած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀԲԸՄ Հայաստանի ծրագիրներուն, միացած են «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման:
«Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժման նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական, սոցիալական բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան: