Սիլվա Գալայճեանի երիտասարդ ընտանիքը 4 տարի առաջ որոշեց Հալէպէն Հայաստան գալ: Ընտանիքին այստեղ հեզասահ կեանք չէր սպասեր, բայց աշխատասէր զոյգը այսօր ոտքի կանգնած է, միասին հարսանեկան նկարահանումներու մոնթաժ կ’ընեն: Սիլվային ամուսինը նաեւ արհեստավարժ լուսանկարիչ է:
Բացի հիմնական աշխատանքէն երիտասարդ մայրիկը նաեւ գեղեցիկ ձեռագործ աշխատանքներ կը պատրաստէ` տան ձեւաւորման, զարդեր եւ այլն: «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը խոստովանի, որ ինք կրնայ նոյնիսկ անպէտք իրերէ գեղեցիկ զարդարանք պատրաստել:
Սիլվային ձեռագործ աշխատանքներուն գնորդը կը ծանօթանայ իրեն ֆէյսպուքեան (facebook) էջի միջոցով (K . S Handmade Decoration), Սիլվան հնարաւորութիւնը չի փախցներ նաեւ ցուցահանդէսներու միջոցով ներկայանալու:
«Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը անոր հետ զրուցած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած եւ արդէն աւանդական դարձած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառի օրերուն: