Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

«Մենք, Եգիպտոսի Հայերս» Ֆիլմը՝ Եգիպտահայ Համայնքին Մասին

Բեմադրիչ Ուահէտ Սոպհին «Մենք, Եգիպտոսի հայերս» անունով վաւերագրական ֆիլմ նկարահանած է՝ Եգիպտոսի հայկական համայնքին մասին:

Ֆիլմին մէջ, ըստ News.am-ի, համայնքի երկարատեւ պատմութիւնը ներկայացուած է անոր ներկայացուցիչներուն մասին պատմութիւններու միջոցով։ Ֆիլմը նկարահանուած է Եւա Տատրեանի թատերական ուրուագիծով ու ցուցադրուած է Գահիրէի Միջազգային փառատօնին:

Ըստ բեմադրիչին՝ նկարահանումներուն ընթացքին ինքը շատ փաստեր իմացած է Եգիպտոսի հայերու, Եգիպտոսի պատմութեան ու հասարակութեան մէջ անոնց մեծ աւանդին մասին: Ան նաեւ նշած է, որ աշխատանքներուն ընթացքին սենարի հեղինակը կապուած է Ուաշինկթընի, Լոնտոնի եւ Երեւանի գիտնականներու հետ։

«Աւագ սերունդի ներկայացուցիչները շատ իրադարձութիւներու ականատես դարձած են, անոնք վառ զուգահեռներ իրականացուցած են իրենց կեանքին ու Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուելու համար Եգիպտոս փախած իրենց ծնողներուն ու նախնիներուն կեանքին միջեւ»,- պատմած է բեմադրիչը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին