Հոլանտայի Վէսթերֆորտ քաղաքի «Հայ տիկնաց միութիւն»-ը եւ միութեան «Նոր Այգ» կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները միացած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դո՛ւն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման եւ յայտնած իրենց աջակցութիւնը` Արցախի բնակչութեան եւ հայրենիքի պաշտպաններուն` հայ զինուորներուն:
Շարժման նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան: