Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

ԱՄՆ-ը Ապրող 8-Ամեայ Աղջնակը Իր Աշխատանքով 32 Տոպրակ Դեղորայք Գնած Եւ Ուղարկած Է Արցախի Զինուորներուն

ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Սան-Տիեկօ քաղաքին մէջ ծնած 8 տարեկան Սոնա Դանիէլեանը, ֆէյսպուքի (facebook) վրայ տեսնելով Մարտակերտի թիւ 2 դպրոցի սաներուն եւ ուսուցչական կազմի ուժերով զինուորներուն համար հաւաքուած նուէրներու արկղները, շատ  տպաւորուած է եւ որոշած է  օգնել Արցախի զինուորներուն: Աղջնակը, տարբեր աշխատանքներ կատարելով, մօրը վարսավիրանոցին մէջ մօրը օգնելով 200 տոլար գումար  հաւաքած է:

Ըստ «Հայերն այսօր»-ի` այս արարքին իբրեւ արդիւնք 32 տոպրակ առաջին օգնութեան դեղամիջոցներ  ձեռք բերուած են եւ յանձնուած՝ զինուորներուն:

«Անասելի լաւ զգացողութիւն է, որ աշխարհի մի անկիւնում նման հայուհի է ապրում ու նման ոգիով ձեւաւորւում որպէս անձ: Սոնա ջան, բալաս, ապրես դու, հպարտ ենք քեզնով ու շնորհակալ ենք ծնողներիդ` նման փայլուն դաստիարակութիւն տալու համար»,- կը գրէ երգչուհի, պատգամաւոր Շուշան Պետրոսեան իր ֆէյսպուքեան (facebook) էջին վրայ, որ եւս օգնած է, որ աղջնակին ցանկութիւնը իրականութիւն դառնայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին