Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Քարլա Եարտըմեան-Հաժ Սննդագիտութեան Դոկտոր

Մեծ ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ «Կնոջական եւ առողջապահական» բաժնի յօդուածագիրներէն Քարլա Եարտըմեան Հաժ ստացած է Սննդագիտութեան դոկտորական աստիճան Անգլիոյ Օքսֆորտ Պրուքս համալսարանէն: Քարլա իր ուսումնասիրութեամբ հետազօտած է սնունդի անապահովութեան ազդեցութիւնը Լիբանանի դպրոցական երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն վրայ (“Studies on Child Food Insecurity in Lebanon”): Քարլան ուսումնասիրած է կենցաղային տարբեր գործօններ, որոնք կրնան առաջնորդել տան անդամներու, ի մասնաւորի երեխաներու սնունդի անապահովութեան: Աւելի՛ն, ան ուսումնասիրած է ուտելիքի սխալ ընտրութեան բացասական ազդեցութիւնը երեխաներուն բարեկեցութեան կամ առողջութեան վրայ, ըլլայ ան չափազանց սննդառութեան կամ սնունդի պակասի պարագային:

Հետազօտութեան մասնակցած են աւելի քան 3.000 ընտանիքներ, որոնք ունին դպրոցական երեխաներ, անձնական թէ պետական դպրոցներու մէջ, Լիբանանի տարբեր վարչական եւ աշխարհագրական շրջաններու մէջ տարածուած: Քարլային Դոկտորականը մշակած է նաեւ կրթութեան նորօրինակ ու համապարփակ դերը ի նպաստ ճիշդ ու չափաւոր ճաշելուն: Ան ուսումնասիրած է սնունդի անապահովութեան հետեւանքները երեխաներուն առողջութեան վրայ եւ նպաստելու ու խթանելու կերպերը յօգուտ անոնց զարգացումին ու բարեկեցութեան:

Կը շնորհաւորենք Քարլային ձեռքբերումները եւ կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ իր ապագայ գործունէութեան մէջ։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին