Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Հասան Ռոհանի Դեկտեմբեր 21-ին Պիտի Այցելէ Երեւան

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանի Դեկտեմբեր 21-ին պիտի այցելէ Երեւան:

Իրանական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ` այս մասին Դեկտեմբեր 18-ին յայտնած է Իրանի նախագահի մամուլի ծառայութեան ղեկավար Փարւիզ Իսմայէլին։

Ան տեղեկացուցած է, որ այցի ծիրէն ներս կը նախատեսուի Հասան Ռոհանիի հանդիպումը ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, ինչպէս նաեւ առեւտրա-տնտեսական համագործակցութեան փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրում:

Ըստ «Մեդիամաքս»-ի Փարւիզ Իսմայէլին նշած է, որ Իրանի նախագահին պիտի ուղեկցին շարք մը նախարարներ եւ մասնաւոր ընկերութիւններու ղեկավարներ:

Երկու երկիրներու գործարարները պիտի մասնակցին առեւտրային կապերու ամրապնդման նուիրուած քննարկումին:

Հայաստանէն Իրանի նախագահը պիտի մեկնի Ղազախիստան եւ Խրխզիստան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին