Դեկտեմբեր 18 լոյս 19-ին, Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի որոշ հատուածներու վրայ՝ հակառակորդը շարունակած է տարբեր տրամաչափի ինքնաշխատ զինատեսակներէ (շուրջ` 500 կրակոց) եւ դիպուկահար հրացաններէ (34 կրակոց) խախտել հրադադարի պահպանումը մօտ 35 անգամ: Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:
ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումներուն կողմէ պատասխան գործողութիւններ գրեթէ չեն ձեռնարկուած: Առաջնագիծին ողջ երկայնքով տիրող իրավիճակը կը գտնուի հայկական ուժերու զգօն վերահսկողութեան տակ: