Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Քաջութեան Մասին

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Քաջութիւնը ամէնէն փնտռուած առաքինութիւններէն մէկն է. մանաւանդ՝ որքան դէպի անցեալ երթանք, դէպի ետ, այնքան կը փառաբանուի քաջութիւնը: Ունինք բաւական քաջեր հայրենիքի, ժողովուրդի պաշտպան: Միայն մենք չէ որ ունինք, այլ գրեթէ ամէն ազգերու պատմութեան մէջ ըլլալու է: Ունինք Վահագն վիշապաքաղը, հնդիկներ՝ Ինտրան… Ունինք Առիւծ Մհեր, Սասունցի Դաւիթ մը, որ ոչ միայն քաջութիւն ունէր Մսրա Մելիքին դէմ ելլելու, այլ՝ հոգեկանն ալ միախառնուած՝ քաջութիւն ունէր առաջին երկու հարուածները նուիրաբերել աղերսանքի սեղանին, եւ ինքնավստահ սուրի մէկ հարուածով եւ ճշգրտութեամբ ու կայծակնային արագութեամբ հասնիլ նպատակին…

Քաջութիւնը հին դարերուն եթէ զուտ ֆիզիքականը նկատի առնուած էր, մարդկային մտածողութեան բարձրացումով՝ աւելցաւ նաեւ հոգեմտայինը: Ալֆրէտ Տը Վինիյի «ԳԱՅԼԻՆ ՄԱՀԸ» քերթուածին մէջ կ’եզրափակէ.- «Աղաղակել, աղօթել ու լալ, հաւասարապէս վախկոտութիւն են. միայն լռութիւնն է մեծ, մնացեալները՝ տկարութիւն»: Եւ սակայն, որո՞նք արդեօք կրցած են հասնիլ ա՛յդ մարդկայինին:

Կան այլ պարագաներ… եւ անոնք բազմաթիւ են, որոնք քաջութիւն կ’ուզեն:

Քաջութիւնը թշնամիին դէմ գալէն առաջ, ներքին վախերը հպատակեցնելու մէջ կը կայանայ:

Նախապայմաններէն մին է՝ նպատակ ունենալ ու անոր փարիլ հաստատակամ:

Հեռատեսութիւն՝ շրջանցելու այսօրուան առկայ դժուարութիւնները, խոչընդոտներն ու … փշաթելերը, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագայ կերտել: Չարենցի բառերով.-

Տոկացէք, տոկացէք ընկերներ անգին.
Անցնինք այս նեղ արահետը,
Հասնինք ցանկալի կեանքին
:

Ցուրտին դէմ՝ ներքին արեւով ջերմանալ կ’ենթադրէ. Զրկանքներու դիմանալ եւ ինքզինք զրկելով՝ աւելի կարիքաւորներու օգնութեան ձեռք երկարել:

Մեղրի հետ գործ ունենալ եւ մեղրէն չօգտուիլ մատնալզումով, եւ դեռ ինչե՜ր…

Համբերութեամբ սպասել այն երջանիկ օրուան, ուր ժամանակ պիտի ունենաս խորաթափանց մանրամասնութեամբ լուծել, վերլուծել քաջութեան բոլոր երեսները ու յայտնել աշխարհին իբրեւ մարդկայնական պարտականութիւն:

Յ.Գ. Կ’ուզէի գիտնալ թէ ինչո՞ւ Սասունի քաջը կ’անուանուի Դաւիթ, ուրկէ՞ է, ե՞րբ եւ ինչո՞ւ այս անունը, եւ ոչ հայկական անուն մը…Շիրազը յիշելով.- «Եւ թող այնտեղ Ջեմման Ջեմմա, Աստղիկն այստեղ Աստղիկ մնայ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին