Այսօր Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեանին վերջին հրաժեշտ տալու եկած էին բազմաթիւ քաղաքացիներ, գործընկերներ, ներկայ ու նախկին պաշտօնեաներ, կը հաղորդէ “tert.am”-ը։
Արմէն Երիցեանի վերջին հրաժեշտի արարողութեան ներկայ էին` ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան` կառավարութեան ողջ կազմով, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ու այլ պաշտօնեաներ:
Նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան հրաժեշտի խօսքին մէջ ըսաւ, որ Արմէն Երիցեան այն մարդն է, որուն աշխատանքը անմահ է Հայաստանի Հանրապետութեան պետականաշինութեան գործին:
Յիշեցնենք, որ Արմէն Երիցեան մահացած է Դեկտեմբեր 13-ին, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք: Արմէն Երիցեան Արտակարգ իրավիճակներու նախարարի պաշտօնին նշանակուած էր 2010 թուականի Մարտին: