Հոլանտայի Մասթրիխթ քաղաքի «Անի» միութեան մէկօրեայ դպրոցի աշակերտները միացած են «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար»շարժման:
«Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժման նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական, սոցիալական բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան: