Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կրօնական ժողովին, երէկ՝ Հինգշաբթի՝ 15 Դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9։30-ին, թեմի չորս քահանայ հայրերը այցելեցին Ժահթէուի հիւանդանոցը եւ հանդիպում ունեցան հիւանդանոցի տնօրէնութեան հետ՝ խորհդակցելու գործակցութեան կարելիութիւններուն մասին։ Ապա, տնօրէնին առաջնորդութեամբ, քահանայ հայրերը շրջագայեցան հիւանդանոցին մէջ եւ հայ հիւանդներուն հետ ունեցան հոգեպարար հանդիպումներ։ Քահանայ հայրերը իրենց աղօթքներով եւ մաղթանքներով հիւանդներուն մաղթեցին շուտափոյթ ապաքինում եւ ցաւերու մեղմացում։
Յայտնենք, որ նոյն օրը, ժամը 11։00-ին քահանայ հայրերը այցելեցին նաեւ յունական հիւանդանոց՝ միեւնոյն նպատակին համար։
Կրօնական ժողովի այս նախաձեռնութիւնը, որ նշեալ թուականին սկսաւ, յառաջիկային պիտի շարունակուի կազմակերպուած եւ հետեւողական կարգով, որպէսզի հիւանդանոցներուն մէջ գտնուող հայորդիներու հետ կապը ամրապնդուի ու հիւանդներուն փոխանցուի ե՛ւ հոգեկան ե՛ւ մարդկային գուրգուրանք ու հոգատարութիւն։
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ