*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
Գրասէր բարեկամներու ընտրանի մը հաւաքուած էր Կիրակի, Դեկտեմբեր 4-ին, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, ներկայ գտնուելու ԹՄՄ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի կազմակերպած Վահրամ Մավեանի ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած գրական հանդիպումին, որ միեւնոյն ժամանակ կը համընկնէր իր անժամանակ մահուան 33-րդ տարելիցին:
Յայտագիրը ընթացք առաւ վարչութեան փոխ ատենապետ Բարսեղ Գարթալեանի բացման խօսքով, որու ընթացքին ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Վահրամ Մավեանի կենսագրութիւնը, ապա կարդաց ատենին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ու Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ Մավեանին ուղղուած գնահատագիրները:
Գարթալեան ընթացք տուաւ յայտագիրին, ու երաժշտական ելոյթով հանդէս եկաւ քանոնի վրայ արուեստագիտուհի Լիլիթ Խոճայեանը, սրնգահար Արման Ստեփանեանի ընկերակցութեամբ։ Ապա սրտի խօսքով առաջին հերթին արտայայտուեցաւ Մելգոնեան Կրթարանի նախկին ուսանող Սէսիլ Քէշիշեան։ Մավեան մօտիկ բարեկամը եղած էր Տոքթ. Գէորգ եւ Սէսիլ Քէշիշեաններուն։ Հաճելի յուշերու անդրադարձումով ան հարազատօրէն եւ յուզումով ներկայացուց Մավեան դաստիարակն ու մտերմիկ բարեկամը։
Գարթալեան ընթերցումներ կատարեց լոնտոնաբնակ, այժմ՝ կիպրաբնակ Գէորգ Մալիքեանի եւ կիպրաբնակ Վարդան Թաշճեանի կողմէ յղուած գնահատագիրներէն. ապա կարդաց Կարօ Այալթունի խօսքը՝ վերջինիս ակամայ բացակայութեան պատճառով ։
Երաժշտական ելոյթով հանդէս եկաւ Արման Ստեփանեան, որու սրինգով կատարումը ներկաներուն բարձր գնահատանքին արժանացաւ։ Մասնաճիւղի երկարամեայ վարչական Տիգրան Էքիզեան գեղեցկօրէն ձայնապնակի վրայ պատրաստեր էր Վահրամ Մավեանի կատարումները՝ անոր կարգ մը բանաստեղծութիւններուն։ Հեղինակին յստակ ձայնն ու կատարումը հիացմունքի արժանացան։ Պէտք է նշել, որ բեմին վրայ զետեղուած էր Մավեանի մեծ դիմանկարը. լուսանկար՝ Պենոն Սեւանի, որ ատենին աշակերտած էր Մավեանին։
Գաղութիս ծանօթ ասմունքող Մելօ Էքիզեանն ալ Կիպրոսի մէջ աշակերտած էր Մավեանին. ան հանդէս եկաւ սրտի յուզումնալի խօսքով, յիշելով սիրուած դաստիարակին նուիրուածութիւնը իր աշակերտներուն եւ ուսուցանած հոգեբանութեան հանդէպ։
Գնահատանքի վերջին խօսք առնողը եղաւ մասնաճիւղի ատենապետ, հրապարակագիր Վաչէ Սեմերճեանը, որ մօտէն ճանչցած էր Մավեանը, որպէս 1961-63 տարիներու պաշտօնակիցը Մելգոնեանէն ներս եւ որպէս մտաւորական բարեկամ։ Սեմերճեան մանրամասննութիւններ փոխանցեց Մավեանի հրատարակած չորս հատորներուն բովանդակութեան ու սփիւռքահայ գրականութեան մէջ անոնց թողած գեղարուեստական արժէքին մասին։ Ան շեշտեց անգնահատելի ներդրումը, զոր Մավեան բերեր էր Սփիւռքի հասարակական ու գրական կեանքին մէջ, մասնաւորաբար, որպէս Կիւլպենկեան Հաստատութեան պաշտօնեայ՝ իր պաշտօնավարութեան քսան տարիներուն (1963-1983) ընթացքին։ Սեմերճեան Մավեանի ամբողջ գրականութիւնը նկատեց Սփիւռքի հոգեբանութեան հարազատ արտայայտութիւն։
Իսկական գնահատանքի միջոցառում մըն էր շնորհալի բանաստեղծ, բեղուն արձակագիր եւ հասարակական իմաստուն գործիչ Վահրամ Մավեանին ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած այս ձեռնարկը։