Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

ՀՀ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Պելկրատի Մէջ Հակադարձած է Ազրպէյճանցի Գործընկերոջ Անհիմն Մեղադրանքներուն

Պելկրատի մէջ, տեղի ունեցաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 35-րդ հանդիպումը, որուն ընթացքին ամփոփուեցան ՍԾՏՀԿ-ի մէջ Սերպիայի Հանրապետութեան 6-­ամսեայ նախագահութեան արդիւնքները: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան, որ իր ելոյթին մէջ նշեց, թէ անցեալ կէս տարուան ընթացքին Հայաստանը, մեկնելով ՍԾՏՀԿ կողմէն նոր ընդունուած տնտեսական ռազմավարութեան դրոյթներէն, ինչպէս նաեւ սեփական տնտեսական հետաքրքրութիւններէն, կը շարունակէ ջանքեր գործադրել տարբեր բնագաւառներու մէջ տարածաշրջանային բազմակողմ տնտեսական համագործակցութեան խթանման, կազմակերպութեան ծրագրային օրակարգի իրականացման, ներդրումներու խրախուսման ուղղութեամբ:

Նախարարական այս հանդիպման, իբրեւ համագործակցութեան առաջնային ոլորտներ, նշուեցան տնտեսական զարգացումն ու առեւտուրը, զբօսաշրջութիւնը եւ արտակարգ իրավիճակները, մշակոյթն ու առողջապահութիւնը, գիտութիւնն ու ճարտարագիտութիւնները եւ այլն: Կարեւոր համարուեցաւ նաեւ ՍԾՏՀԿ գործունէութեան բարելաւման անհրաժեշտութիւնը` հաշուի առնելով կազմակերպութեան հիմնարկային ներուժի արդիւնաւէտ եւ նպատակային օգտագործումը:

Ի պատասխան Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մահմուտ Մամատկուլիեւի ելոյթին մէջ հնչեցուած անհիմն մեղադրանքներուն՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան նշեց, որ ՍԾՏՀ կազմակերպութիւնը քաղաքականացնելու փորձերը անթոյլատրելի են: Աշոտ Յովակիմեան ընդգծեց նաեւ, որ ՍԾՏՀԿ-ն այն հարթակը չէ, ուր ներքաղաքական դրդապատճառներէ մեկնելով, կարելի է փորձեր կատարել խեղաթիւրուած ներկայացնել եւ քննարկման առարկայ դարձնել հարցեր, որոնք որեւէ կապ չունին կազմակերպութեան յանձնարարութեան հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին