Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Հայկական Խաչքարի Բացում Աւստրիոյ Մէջ

Դեկտեմբեր 11-ը  յիշարժան եւ պատմական օր էր Աւստրիոյ մէջ՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցական համայնքին եւ բոլոր մեր հայրենակիցներուն համար: Աւստրիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքէն կը տեղեկացնեն, թէ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ հայկական նոր խաչքարի օրհնութեան կարգը:

Վիեննայի կեդրոնական գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հայկական խաչքարի բացման արարողութիւն: Տէրունական աղօթքի ներքոյ, օրհնուեցաւ հայկական խաչքարը, որ պիտի ծառայէ որպէս մեր ժողովուրդի բոլոր նահատակուածներու լուսաւոր յիշատակին, երկնային կեանքով ապրող մեր հայրենակիցներուն միախմբուելու սրբավայր…:

Այնուհետեւ Աւստրիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքի հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի․ «Մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սքանտինաւիոյ հայրապետական պատուիրակի պաշտօնակատար  Տիրան  վարդապետ Պետրոսեանին, Աւստրիոյ մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Անդրէաս Իսախանեանին, Աւստրիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքի վարչութեան ատենապետ Վահագն Ամիրջանեանին եւ ՀԱԵՀ վարչութեան ողջ անձնակազմին, ինչպէս նաեւ մեր համայնքային կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր այս բարերար հայորդիներուն, որոնց հանգանակութիւններուն շնորհիւ եւ կազմակերպչական փայլուն աշխատանքներու արդիւնքով այսօր ունինք եւս մէկ սրբավայր, որ պիտի միաւորէ Աւստրիոյ հայերը, բոլոր այցելուներն ու զբօսաշրջիկները: Յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր այն հայրենակիցներուն, որոնք այսօր ներկայ գտնուեցան հայկական խաչքարի բացման արարողութեան»։

Յիշեցնենք, որ ասիկա երրորդ խաչքարն է Վիեննայի մէջ, եւ չորրորդը` Աւստրիոյ մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին