Դեկտեմբեր 18-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 20 Հայաստանի մէջ ոչ անձրեւային եղանակ պիտի ըլլայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԻՆ «Հիդրոմետ» ծառայութեան օդերեւութաբանութեան կեդրոնի պետի տեղակալ Գագիկ Սուրէնեան:
Անոր խօսքով, եղանակի պարզեցումով, ձիւնի ծածկի առկայութեամբ, ինչպէս նաեւ ցուրտ օդային հոսանքներու բուռն ներհոսքին հետեւանքով՝ Հայաստանի մէջ ջերմաստիճանը շատ պիտի նուազի:
Դեկտեմբեր 18-19-ին, յատկապէս գիշերները, ջերմաստիճանը պիտի նուազի եւս 8-10 աստիճանով: Մասնաւորապէս, Դեկտեմբեր 18 լոյս 19-ին Շիրակի, Կոտայքի, Արագածոտնի եւ Վայոց Ձորի լեռնային գօտիներու, Գեղարքունիքի մէջ օդի ջերմաստիճանը պիտի հասնի մինչեւ -30…-35, Արագածոտնի, Կոտայքի եւ Վայոց Ձորի նախալեռներու մէջ` -18…-23, Արարատեան դաշտին մէջ` -18…-20, Լոռիի մէջ` -25…-30, Տաւուշի մէջ` -15…-20, Սիւնիքի նախալեռներուն մէջ` -20…-25, Սիւնիքի հովիտներուն մէջ` -12…-17, Արցախի մէջ` -13…-18 աստիճանի:
Երեւանի մէջ Դեկտեմբեր 18-19-ին կը կանխատեսուի -18…-20 աստիճան ցուրտ:
Գագիկ Սուրէնեանի տեղեկութիւններով՝ առայժմ կարելի է յստակ խօսիլ միայն յառաջիկայ 5 օրուան տուեալներուն մասին։