Բրիտանական The Times–ը ներկայացուցած է այն յօդուածը, որ թերթին մէջ տպագրուած էր 1916 թուականի Դեկտեմբեր 14-ին, կը հաղորդէ News.am-ը:
Յօդուածին մէջ ներկայացուած են փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն 1915-ի ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին: Փաստաթուղթերը կը ներկայացնեն «երկար ցուցակ մը սարսափներու, որոնց զուգահեռները դժուար թէ հնարաւոր ըլլայ գտնել հին կամ ժամանակակից պատմութեան մէջ»: Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ մինչ այդ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ մօտ 1․8 միլիոն հայ կը բնակէր: Անոնցմէ քանիներ հարկադրուած են իսլամութիւն ընդունելու, միւսները սպանուած են կամ ալ կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ, սարսափելի պայմաններու տակ: Փաստաթուղթերուն մէջ նկարագրուած են հայ կանանց ու աղջիկներու նկատմամբ սարսափելի վերաբերմունքի օրինակներ:
«Բաւական է միայն մէկ փաստ, որպէսզի ցոյց տանք, թէ ինչ յատուկ մանրակրկիտ ձեւով կ՛իրականացուէր հայերու տեղահանութիւնն ու մասնակի ոչնչացումը: Անցեալ տարի Էրզրում, Պիթլիս ու Վան վիլայէթներուն մէջ կը բնակէր մօտ 580 հազար հայ: Երբ այդ շրջանները անցան ռուսերու հսկողութեան տակ, այնտեղ միայն 12100 հայ կար: Մնացածը կամ մահացած էին, կամ տեղահանուած»,- կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:
Հեղինակները նաեւ կը նշեն, որ զանգուածային սպանութիւնները համակարգուած ու միտումնաւոր բնոյթ ունէին ու նախապէս ծրագրուած եղած են Կոնստանդնուպոլսոյ մէջ: «Շրջանը շրջանի ետեւէ մինչեւ ամբողջ ասիական քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ Թուրքիոյ հայկական թաղամասերը դատարկուեցան»,- կը շեշտուի յօդուածին մէջ:
Հեղինակները կը նշեն, որ այդ իրադարձութիւններուն համար հիմնական մեղքը երիտթուրքերունն էր, սակայն մեղաւորները ոչ միայն Կոնստանդնուպոլսոյ մէջ են, այլեւ Պերլինի, ուր այդ իրադարձութուններուն վրայ աչք փակած են: