Դեկտեմբեր 14-ին, Երեւանի մէջ պիտի իրականացուի «Մենք ենք, մեր մարզը» մանկապատանեկան մարզային մշակոյթի օրեր մայրաքաղաքի մէջ ծրագիրը, որուն պիտի մասնակցին ՀՀ Շիրակի մարզի 18 ուսումնական հաստատութիւններու շուրջ 80 շնորհալի երեխաներ եւ պատանիներ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մամուլի գրասենեակը։
Ծրագիրին ծիրէն ներս` Դեկտեմբեր 14-ին, ժամը 15:00-ին, Առնօ Պապաճանեան համերգասրահին մէջ պիտի բացուի մարզի պատանի ստեղծագործողներու լաւագոյն նկարչական եւ կիրառական աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Ցուցադրութեան պիտի յաջորդէ համերգ` շնորհալի երաժիշտ-կատարողներու, երգչախումբի, պարային եւ երաժշտական խումբերու մասնակցութեամբ: Մարզէն ժամանած երեխաներուն համար պիտի կազմակերպուին նաեւ այցելութիւններ Երեւանի մշակութային օճախներ` Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկ, Հայաստանի պատմութեան թանգարան:
«Մենք ենք, մեր մարզը» խորագիրով ծրագիրը սկսած է 2008 թուականէն եւ միտուած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան կողմէն Հայաստանի մարզերուն մէջ նպատակային մշակութային քաղաքականութեան իրականացման, հաշուետու ստուգատեսերու միջոցով հանրապետութեան քաղաքներուն մէջ մշակութային կեանքի աշխուժացման ու զարգացման: Ծրագիրին իրականացումով՝ նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուին մանկապատանեկան մշակութային հաստատութիւններու շնորհալի երեխաներու եւ պատանիներու մասնագիտական ունակութիւններու զարգացման, արուեստագէտներու շփումներու սերտացման, փորձի փոխանակման, մարզերու միջեւ մշակութային կապի ամրապնդման համար:
Նշենք նաեւ, որ 2008-2015 թուականներուն ընթացքին ծրագիրին մասնակցած են 730 շնորհալի երեխաներ` ՀՀ Շիրակի, Լոռիի, Գեղարքունիքի, Կոտայքի, Տաւուշի, Արարատի, Վայոց Ձորի, Արագածոտնի մարզերու, ինչպէս նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 155 ուսումնական հաստատութիւններէն: