ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Լիբանան կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ, կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2016-ին Հայ աւետարանական համագումարներու կեդրոն` ՔՋԱԿ-ի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւներուն, Կրթական խորհուրդին, վարժարաններու տնօրէններուն, ընկերային գործիչներուն եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախարարին կ’ընկերակցէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը եւ դեսպանատան անձնակազմը:
ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան ողջունեց նախարարը եւ կարգ մը նշումներ տեղեկութիւն փոխանցեց ՔՋԱԿ-ի մէջ տարուող աշխատանքներուն մասին, ուր հարիւրաւոր մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ հոգեպէս կը դաստիարակուին, յատկապէս ամառնային համագումարներու ընթացքին: Ապա ան շեշտեց Սփիւռք-հայրենիք համագործակցութեան ծիրին մէջ տարուած փոխադարձ գնահատելի աշխատանքը` ի նպաստ հայակերտումի: Իր կարգին ՄԱՀԱԵ Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան շնորհաւորեց նախարարը իր վերընտրուելուն առթիւ եւ բարձր գնահատեց անոր ունեցած դրական ներդրումը Սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ: Վերապատուելին ընդգծեց Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ քրիստոնեայ հայու ինքնութեան կարեւորութիւնը Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համար:
Հրանոյշ Յակոբեան իր սրտի գոհունակութիւնը յայտնեց ՔՋԱԿ-ի նման հաւաքատեղիի գոյութեան եւ առկայ գործածութեան համար:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱՀԱԵ Միութեան եւ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, իրենց գործակցութեան եւ Հայաստանի հանդէպ ունեցած նուիրումին համար:
Ներկաներէն ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով, նախարարը լայնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ սուրիահայերուն վիճակին, վիճակագրական տուեալներ յիշելով, ուրուագծեց անոնց թիւն ու կեանքի պայմանները, եւ շեշտեց յատկապէս Հայաստանի մէջ հալէպահայերու գործօն ներգործութիւնը: