Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Հրուշակագործութեան Աւանդոյթի Հիմնադիրները Համշէնցի Հայերն են

Թուրքիոյ մէջ հրուշակագործութեան աւանդոյթի հիմնադիրները ու մինչեւ այսօր այդ աւանդոյթները պահպանողները համշէնցիներն են, կը պնդէ ծնունդով Թուրքիոյ Ռիզէ նահանգի Չամլըհեմշին շրջանէն լրագրող, լուսանկարիչ, «Պանդուխտ թխուածքը» գիրքի հեղինակ Ուղուր Պիրէօլը:

Թրքական Gazeteduvar.com.tr կայքին հետ զրոյցի ընթացքին Պիրէօլը պատմած է համշէնցի հայերու մէջ հրուշակագործութեան ծագման ու զարգացման մասին:

«Մեր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան,որ 19-րդ դարուն շուրջ 186 համշէնցի ընտանիք գացած է Ռուսիա եւ Լեհաստան, իւրացուցած է հրուշակագործութեան հմտութիւններն ու հայրենիք վերադառնալով` այստեղ զարգացուցած այդ աւանդոյթները: Անշուշտ որ, անոնք այս գործը ոչ թէ Համշէնի, այլ մեծ քաղաքներու մէջ կ՛ընէին: Սթամպուլի մէջ առաջին հրուշակեղէնի խանութներու հիմնադիրները պոլսահայերն ու յոյներն էին, իսկ բուն Անատոլիոյ քաղաքներ հրուշակագործութիւնը բերողները համշէնցիները եղած են», –tert.am-ի փոխանցմամբ՝ կը պատմէ լրագրողը:

Նշենք, որ համշէնցիներու առաջին բնակավայրերը ստեղծուած են 8-րդ դարուն: Հայ պատմիչներէն Ղեւոնդը կը յիշատակէ , որ Արեւելեան Հայաստանի մէջ արաբական նուաճողներու ճնշումներէն ազատելու համար 10-12 հազար հայ, Շապուհ եւ անոր որդի Համամ Ամատունի իշխաններու գլխաւորութեամբ, կ’արտագաղթեն Բիւզանդիա:

Ի դէպ` պատմական Համշէնը կը գտնուի ժամանակակից Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքը: Համամ Ամատունի իշխանի հիմնած Համամաշէն քաղաքը քարտէզի վրայ կարելի է գտնել Հեմշին թրքերէն անուամբ, ատկէ քիչ մը դէպի արեւելք կը գտնուի թրքախօս համշէնցիներու եւս մէկ բնակավայր` Չամլըհեմշինը (կը թարգմանուի որպէս եղեւնոտ Համշէն): Իսկ կրօնական եւ ազգային հալածանքներու հետեւանքով բուն Համշէնէն դէպի Խոփա, Օրտու,Կիրեսուն եւ Սամսոն արտագաղթած համշէնցիներու բազմաթիւ գերդաստաններ հայերէնը պահպանեցին ընդհուպ մինչեւ 20-րդ դարու 80-ականներու վերջը: Խոփայի շարք մը գիւղերու մէջ համշէնցիները սահուն կերպով հայերէն կը խօսին մինչեւ այսօր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին