Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւատրում

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, մեր վարժարանի գերազանց աշակերտները մասնակցեցան «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան կազմակերպած պարգեւատրման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Ձեռնարկի ընթացքին պարգեւներ ստացան լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու պետական քննութիւններուն եւ հայագիտական նիւթերու մէջ գերազանց արդիւնքներ արձանագրած աշակերտները: Ուրախ ենք, որ մեր աշակերտները այս տարի եւս արժանացան ուսումնական այս պարգեւներուն, անգամ մը եւս ապացուցելով, որ անոնք յառաջադէմ սաներ են, արժանի համապատասխան գնահատանքի, յար եւ նման այլ մրցանքներու ու պարգեւներու, որոնք իրենց բաժին կ՛իյնայ, ամէն անգամ որ գրաւեն պատուաբեր արդիւնք մը:

Պետական քննութիւններու պարագային՝ 28 աշակերտներու խումբին մէջ մրցանակ ստացան ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրոդական Վարժարանի 9 աշակերտներ՝

Իրէնա Գանձապետեան (Լիբանանահայ Վարժարաններու Տնտեսագիտական Բաժնի բարձրագոյն միջին), Վերժինի Քէշիշեան (Լիբանանահայ Վարժարաններու Տնտեսագիտական Բաժնի երկրորդ բարձրագոյն միջին), Աւետիս-Նարեկ Տաքէսեան (Լիբանանահայ Վարժարաններու Գիտական Բաժնի երրորդ բարձրագոյն միջին), Մանուէլ Տաքէսեան (Լիբանանահայ Վարժարաններու Գիտական Բաժնի չորրորդ բարձրագոյն միջին), Ալեքս Մանուկեան, Գարինա Թոքաճեան, Քրիսթին Հալլաճեան, Լարա Պետոյեան եւ Գառնա Չափութեան:

Իսկ հայագիտական նիւթերու մէջ գերազանց արդիւնքներ արձանագրած Յարութ Կիւլիւզեանը լիբանանահայ վարժարաններու այլ աշակերտներու կողքին, արժանացաւ յատուկ մրցանակի:

Սրտանց կը շնորհաւորենք մեր սաները ու անոնց ծնողները եւ կը մաղթենք յարատեւ յաջողութիւն իրենց ուսումնական կեանքին մէջ:

ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Վարժարաններու
Տեղեկատուական Գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին