Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Սերժ Սարգսեանին Ներկայացուած է Հայաստանի Մէջ Զբօսաշրջութեան Զարգացման Յառաջիկայ Երեք Տարիներու Հայեցակարգը

Վայոց Ձորի մարզ կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուած է Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման յառաջիկայ երեք տարիներու հայեցակարգը: Ջերմուկի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Զարմինէ Զէյթունցեան` ներկայացնելով նախագահի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան արդիւնքները:

«Մենք նախագահին ներկայացրել ենք նաեւ առկայ խնդիրները, դրանց լուծման ուղիները, մեր նպատակները եւ այդ նպատակներին հասնելու համար անհրաժեշտ միջոցառումները»,- «Երկիրմեդիա»-ի փոխանցմամբ՝ նշած է Զէյթունցեան:

Ան աւելցուցած է, որ Ջերմուկի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման ծրագիրը նախագահին ներկայացուցած է քաղաքապետ Վարդան Յարութիւնեան:

«Մենք այստեղ ենք, որովհետեւ Ջերմուկը մեր ամենակարեւոր զբօսաշրջային քաղաքներից մէկն է, ինչը կարեւորութիւն է ներկայացնում մի քանի տեսանկիւնից եւ ունի զբօսաշրջային բազմազան հնարաւորութիւններ: Սակայն հիմնական քննարկումը միտուած էր զբօսաշրջութեան ընդհանուր զարգացմանը»,- մանրամասնած է Զարմինէ Զէյթունցեան:

Հարցումին` զբօսաշրջութեան զարգացման համար հիմնական շեշտը ինչի՞ վրայ պիտի դրուի, Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը ընդգծած է, որ իրենք ամէնէն առաջ պիտի սկսին հայեցակարգի ձեւաւորումէն, որմէ ետք արդէն պիտի անցնին առաջին տարուան համար նախատեսուած միջոցառումներու իրականացման:

Որպէս առաջնահերթ քայլ՝ Զարմինէ Զէյթունցեան ընդգծած է երկրի ճանաչելիութեան բարձրացման ուղղուած նախաձեռնութիւններու իրականացումը` ընդգծելով, որ եկող տարուան ծրագրային ծախսերուն մօտ 70 տոկոսը պիտի ուղղուի այդ աշխատանքներու իրականացման:

«Մենք շատ ենք ցանկանում զբօսաշրջային հետաքրքիր պրոդուկտ (արտադրանք-ԵՌԳ․)ստեղծել, ինչը շատ ճիշդ է, սակայն, եթէ աշխարհը չգիտի Հայաստանի մասին, չկայ կանոնակարգուած տեղեկատուութիւն մեր երկրի մասին, խօսել երկիր այցելութիւնների քանակն աւելացնելու մասին (իսկ մենք ունենք յաւակնոտ նպատակներ) անիմաստ է: Դրա համար մեր ռազմավարութեան հիմնական ուղղութիւնը երկրի ճանաչելիութեան բարձրացումն է»,- ըսած է ան:

Ճանաչելիութեան բարձրացման աշխատանքներուն զուգահեռ պիտի իրականացուին նաեւ ենթակառուցուածքներու բարելաւման աշխատանքներ: Զարմինէ Զէյթունցեան ընդգծած է, որ հարկաւոր է Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւել հայկական Սփիւռքը: Այս պահուն սփիւռքահայերուն միայն 10 տոկոսը եղած է Հայաստան: «Այսինքն, սա մեզ համար կարելի է համարել թիրախային շուկայ, որը լիովին պատրաստ է, սակայն ունի իրազեկման խնդիր: Կան նախատեսուած բազմաթիւ միջոցառումներ, որոնց շնորհիւ մենք կը բարձրացնենք առաջին հերթին մեր երկրի ճանաչելիութեան մակարդակը»,- եզրափակած է Զէյթունցեան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Վայոց Ձորի մարզ կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին զբօսաշրջութեան ոլորտի պատասխանատուներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որու ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման հեռանակարները եւ այդ ուղղութեամբ մինչեւ այսօր իրականացուած գործողութիւնները:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին