Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Ամանորեայ Մեծ Նուէրը

Ամանորը ամէնէն հին տօներէն մէկն է: Բոլոր ազգերու կողմէ կը նկատուի նաեւ ուրախութեան ու տօնախմբութեան կարեւոր օր: Ամավերջի տօներու զուգադիպութիւնը ներկայ ժամանակներու մտածողութեան մէջ հանդուրժողական մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, անհետացնելով պահ մը պատնէշուած մրցակից ու հակամարտնչող ոգին, որոնք դարձած են արդէն համամարդկային համախմբումի առիթ, ապրելով միասնաբար բնականօրէն առաջադրուած, տօնական բնոյթ ունեցող փոխ յարգանքի եզակի պահեր։

Շուտով ականատես պիտի ըլլանք անցնող տարուան.մանուկ Նոր Տարին զուարթ ճախրանքով պիտի գայ երկիր, իրեն հետ բերելով խինդ եւ խաղաղութիւն: Տօնական օրերը ժամանած են, իրենց զանազան սովորութիւններով, զարդարուած ծառերով եւ համադամ խոհանոցային պատրաստութիւններով:

DSC_6304

 

Այս տօնական մթնոլորտին մէջ, Շաբաթ,  10 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ “Ararad Palace’’-էն ներս  տեղի ունեցաւ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանի կազմակերպած խրախճանքը՝ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի զոյգ տօներու առիթով: Բացման խօսքը արտասանեց վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Շեմեմեան-Նաճարեանը, որ բարի գալուստով ողջունեց ներկաները:

Տնօրէնուհին իր խօսքին մէջ, առաջին հերթին, Ամանորեայ իր բարեմաղթանքները փոխանցե ապա ակնարկ մը նետեց կրթական օճախի անցնող 65 տարուան հարուստ պատմութեան վրայ՝  մատնանշելով այն տեսլականը, որ նորանոր վերելքի եւ յարատեւ բարգաւաճ ապագայի ձգտումներով պիտի շարունակէ իր հաստատուն երթը, դաստիարակելով նորանոր սերունդներ, որոնք պատիւ պիտի բերեն թէ՛ իրենց ընտանիքներուն եւ թէ՛ ազգին:  Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց նաեւ այն միտքը, թէ հայութիւնն ու հայկականութիւնը միակ ամրոցներն են, ուր հայը կրնայ ամուր զգալ ու գոյատեւել:

DSC_6290

Անդրադառնալով վարժարանիս 65 ամեակին, ան ըսաւ. «Երեկոն աննախընթաց, հոգեպարար, յիշատակելի ու տարբեր է անցնող միւս տարիներէն, որովհետեւ ազգային բարերար Պրն. Գէորգ Արապեան ամենայն վեհանձնութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ ընդառաջեց տնօրէնութեան խնդրանքին եւ  հայաշունչ ու օրինակելի գիտակցութեամբ ստանձնեց ձեռնարկին հովանաւորութիւնը: Հետեւաբար, հպարտալի է  որովհետեւ վարժարանիս 65 ամեակը ուրախալի եւ ոգեւորիչ նուէր մը կը ստանայ եւ 2016 տարին իր աւարտին կը հասնի ազգապահպանումի ջահակիր՝ Պրն. Գէորգ Արապեան իշխանական նուիրատուութեամբ իրագործուելիք «Գէորգ Արապեան նոր ու արդիական կատարեալ մանկամսուր»ով:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարուան կազմակերպուած աւանդական Ամանորեայ խրախճանքին հասոյթը եւս պիտի յատկացուի «Չքաւոր Սաներու» ֆոնտին, որովհետեւ հայ դպրոցի հիմնական նպատակը ընդհանուր գիտելիքներու կողքին, աշակերտներուն հայեցի սնունդ ջամբելն է,  հայոց լեզուի ու պատմութեան սէրը անոնց մէջ դրոշմելն է:

Տնօրէնուհին շնորհակալական ու երախտիքի խօսքեր ուղղեց ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինին, որոնք թեւ եւ թիկունք կը կանգնին վարժարանին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, Վահան Թէքէեան Վարժարանի հոգաբարձութեան, Վարժարանիս Ծնողաց Յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Սանուց Միութեան: Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ Studio Fine Arts Ընկ. Վարդան Գէորգեանին, որ իր կամաւոր աշխատանքով (նկարահանումով) օժանդակեց սոյն ճաշկերոյթին:

Երեկոն ճոխացուց հայկական, արաբական եւ միջազգային երգերով, լիբանանահայ գաղութի սիրուած երգիչ՝ Արարատ Ահարոնեանը ու իր նուագախումբը:

Երեկոյի ընթացքին եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որուն մեծագոյն պարգեւները տրամադրուած էին Polo Travel-ի, Tatarian Jewelery ու Տիգրան Optics հաստատութիւններու կողմէ:

DSC_6236

Հուսկ, կը մնայ բոլորին շնորհաւորել գալիք Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով որ 2017 տարին ըլլայ առողջութեան, խաղաղութեան, արեւշատութեան եւ  յաջողութիւններով լեցուն բեղմնաւոր  տարի մը: Ինչպէս նաեւ մաղթանք կ’ուղղենք, որ Պրն. Գէորգ Արապեանի օրինակը խթան հանդիսանայ իւրաքանչիւր հայորդիի, որպէսզի վարժարանս կանգուն մնայ եւ որպէս լուսատու փարոս շարունակէ լուսաւորել հայ պատանիի մատղաշ միտքը:

Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին