ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման՝ Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2016-ի հաւաքին տօնական տրամադրութիւններ կը տիրէր: Թէքէեան Կեդրոնէն ներս «Միրաք»ականներու կիրակնօրեան նուիրուած էր Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ ձեռային աշխատանքներ պատրաստելուն: Այս շաբթուան ծրագիրին՝ ձեռայիններ պատրաստելու, «Միրաք»-ի յանձնախումբի աշխատանքներուն իր օժանդակութիւնը բերաւ Տիկ. Ռիթա Մագսուտեան Շատեանը, որ հաւաքի նախօրէին Ընկհ. Մակի Սողիկեանի հետ տօնածառի զարդարանքի եւ ձեռակերտ բացիկներու տարբեր նմոյշներ պատրաստած էին:
«Միրաք»-ի անդամները, նախքան ձեռային աշխատանքներու անցնիլը, առիթը ունեցան ծանօթանալու Յորդանանէն ժամանած Ընկ. Ռաֆֆի Յակոբեանին հետ, որ մեծ ուրախութեամբ ականատես եղաւ խումբի աշխատանքին: Այնուհետեւ «Միրաք»-ի պատանիները թուղթով, խաւաքարտով, կերպասով, կպչուն նիւթերով ձեռային աշխատանքներ կատարեցին. անոնցմէ իւրաքանչիւրը բացիկներ պատրաստեցին եւ շնորհաւորանքներ ու բարեմաղթանքներ գրեցին, որպէսզի պատանիներու կողմէ յղուին «Միրաք»-ի բարեկամներուն եւ ՌԱԿ-ի ընկերներուն:
«Միրաք» տօնական պատրաստութեան իր աշխատանքները պիտի շարունակէ նաեւ յառաջիկայ Կիրակի: