Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ի կէսօրին, հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը, որուն կ’ուղեկցէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Սամուէլ Մկրտչեան եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամներ։ Հանդիպումին ներկայ եղան արհիապատիւ,  գերյարգելի, գերապատիւ  եւ արժանապատիւ հայրեր, պետական երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար մեթր Ժագ Չուխատարեան եւ հայ կաթողիկէ համայնքի միութենական մարմիններու անդամներ։

Աւելի քան ժամ մը տեւած` շատ ջերմ ու սրտբաց խօսակցութեան ընթացքին, անդրադարձ եղաւ համայն հայութիւնը յուզող հարցերու։ Տիկին Յակոբեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ ընթացք առած բազմաթիւ  բարեփոխումներուն, մասնաւորաբար` տնտեսական մարզէն ներս։ Ան շեշտեց հայրենի պետականութեան հզօրացման ի խնդիր հայրենի տնտեսութեան զարգացման կարեւորութիւնը եւ այս նպատակով ներդրումներու անհրաժեշտութինը։ Տիկին նախարարուհին բարձր գնահատեց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընդհանրապէս հայրենանպաստ գործունէութիւնը եւ մասնաւորաբար սուրիահայ գաղթականներու Հայաստան ընդունման եւ տեղաւորման աշխատանքներուն անոր աջակցոթիւնը։ Ան լուսաբանութիւններ ու բացատրութիւններ տուաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կրթական, քրիստոնէական դաստիարակութեան, Արցախի շուրջ  բանակցութիւններու շրջագիծին մէջ Սփիւռքի նախարարութեան ծաւալած գործունէութեան եւ հուսկ՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հայաստան կատարած այցելութեան անդրադարձներու մասին։

Այսպիսի օգտաշատ հանդիպումները աւելի յաճախակի տեսնելու մաղթանքով, Տիկին Հրանուշ Յակոբեան հրաժեշտ առաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջմէ։

002

001

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին