վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ ընդունած է արժանթինահայ գործարար, բարերար Էտուարտօ Էռնեկեանը:
Կարէն Կարապետեան ընդգծած է, որ Էտուարտօ Էռնեկեան Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ամենախոշոր ու յաջողակ ներդրողներէն է, եւ կառավարութիւնը պատրաստ է շարունակելու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը:
Կողմերը քննարկած են նաեւ նոր նախագիծերու հեռանկարներ, մասնաւորապէս` Արմաւիրի մարզին մէջ արեւային ելեկտրակայանի, Մեղրիի ջրաելեկտրակայանի կառուցման, Երեւանի «Զուարթնոց» եւ Կիւմրիի «Շիրակ» օդակայաններու ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ զբօսաշրջութեան խթանման, արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին շէնքի ներդրումային ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր:
Վարչապետը տեղեկացուցած է, որ կառավարութիւնը կը ստեղծէ ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոն, որ պիտի ծառայէ որպէս հարթակ պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան ներքոյ՝ համատեղ ծրագիրներու իրականացման համար:
Կարէն Կարապետեան ընդգծած է, որ կառավարութիւնը բաց է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր քննարկելու եւ յարմարաւէտ գործարարական միջավայր ձեւաւորելու համար:
էտուարտօ Էռնեկեան նշած է, որ պիտի շարունակէ Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը, եւ միաժամանակ՝ պատրաստակամութիւն յայտնած իր ներկայացուցիչի միջոցով ներգրաւուիլ ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնի աշխատանքներուն: