Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Հորադիզի Ուղղութեամբ Ազրպէյճանը 14 Անգամ Արկակոծած է Հայկական Դիրքերը. ԼՂՀ ՊԲ

Դեկտեմբեր 11 լոյս 12-ին Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի հարաւային /Հորադիզ/ ուղղութեամբ տեղակայուած իր յենակէտերէն՝ հակառակորդը 82 մմ-ոց ականանետերէ՝ 14 անգամ արկակոծած է հայկական դիրքերը:

ԼՂՀ ՊԲ տեղեկութիւններով, ընդհանուր առմամբ, ազրպէյճանական զինուժը առաջնային գիծի շարք մը հատուածներով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է շուրջ 30 անգամ` հայկական  դիրքերուն ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 400 կրակոց:

ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէն եւ հակազդիչ քայլերու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին