Աննախընթաց եռուզեռ մը կ’ապրի լիբանանահայ կեանքը այս օրերուս՝ ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Լիբանան ժամանումով:
Արդարեւ, շաբաթավերջին սկսած վսեմափայլ նախարարին առօրեան լեցուն էր միութենական, մշակութային եւ այլ ձեռնարկներով ու այցելութիւններով, որոնց անխոնջ մասնակիցը եղաւ անզուգական նախարարը:
Շաբաթ երեկոյեան ան ներկայ եղաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան տեղական Վարչութեան կազմակերպած՝ «Հայաստանի Լիբանանի Սրտին մէջ» ձեռնարկին: Կիրակի առաւօտեան՝ «Զարթօնք»-ի Գերսամ Ահարոնեանի ծննդեան 100 եւ մահուան 35 ամեակի ոգեկոչումին, կէսօրէ ետք ան բարձրացաւ Հայ Աւետարանական ՔՉԱԿ կեդրոնը՝ երեկոյեան հասնելու համար իր նախագահութեամբ լիբանանհայ մշակութային միութիւններուն կազմակերպած բարեսիրական համերգին: Երկուշաբթի աշխատանքային հանդիպումներէ ետք՝ Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանատան մէջ, ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան անունով ան պարգեւատրեց արժանաւորները: Երեկոյեան, հիւրը հանդիսացաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի կազմակերպած Հայաստանի Հանրապետութեան 25 ամեակին նուիրուած յատուկ ձեռնարկին:
Վսեմափայլ նախարարը այսօր կը շարունակէ իր այցելութիւնները՝ առաւօտեան ժամանելով Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Վարժարան, ապա՝ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, հուսկ Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան:
Վերոյիշեալ այցելութիւններուն եւ ձեռնարկներուն այսօրուընէ սկսեալ պարբերաբար պիտի անդրադառնանք մանրամասնութեամբ: