Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Իւրաքանչիւրիս Վրայ Ալ Կիրարկելի Չէ՞

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ գիշեր, գրասնեակիս մէջ նստած կը մտածէի, թէ որքա՜ն կ՝ուզէի Լիբանանի քաղաքացին անկեղծութեամբ պատասխանէ հետեւեալ կէտերուն.

Երբ աճապարանօք է եւ ահռելի խճողումի մը կը բռնուի, ի՞նչն է այն առաջին բանը, որ ինքզինքին կ՛ըսէ…:

Երբ տուն կը հասնի, կ՛անդրադառնայ, որ ելեկտրականութիւնը անջատուած է եւ շէնքին մոթորը՝  խանգարուած… օրուան յոգնութենէն սպառած՝ աստիճաններէն դէպի տուն բարձրացած պահուն, որո՞ւ կը հայհոյէ…:

Երբ աղբակոյտի մը քովէն կ՛անցնի եւ անոր գարշելի հոտը կը շնչէ, ի՞նչն է, որ առաջին անգամ մտքէն կ՛անցնի…:

Օրուան մէջ քանի անգամ իր ինքնշարժին պատուհանէն աղբ կը նետէ…:

Ինչո՞ւ ուասթայի կը դիմէ իր պետական մէկ գործողութիւնը շուտ վերջացնելու  համար…:

Ի՞նչ պատճառով  օտար երկիր գաղթելու վիզայի դիմած է…:

Երթեւեկութեան կարմիր լոյսին կը կանգնի՞…:

Վերջապէս, որո՞ւն քուէարկած է երեսփոխանական կամ քաղաքապետական վերջին ընտրութիւններուն…:

Բնաւ մտածա՞ծ է փողոց իջնել՝ բողոքելու փտածութեան դէմ…:

Լիբանանի քաղաքացին, երբ անկեղծութեամբ պատասխանէ վերի հարցերուն, միայն այն ատեն կը հասկնայ, որ ինք ինչո՞ւ այս վիճակին մէջն է… եւ ո՞վ է անոր պատասխանատուն…:

Այդպէս չէ՞ սիրելի ընթերցող: Իւրաքանչիւրիս վրայ ալ կիրարկելի չէ՞…:

Մտածենք ասոր մասին:

Վաղը կը տեսնուինք:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին