Շաբաթ, 15. 03. 2025

spot_img

Մարդկային Իրաւունքներ եւ Մասամբ Նորին

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Այսօր Մարդկային Իրաւունքներու Համաշխարհային Հռչակագրի 68 ամեակն է: Երէկ ՄԱԿ-ի մէջ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի ու արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրն էր, մինչդեռ աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ ամէն օր կը գործուին նման յանցագործութիւններ, մարդկային իրաւունքներու խախտումներ, ջարդեր…:

Հակառակ հռչակագիրներու, յիշատակի միջազգային օրերու եւ այս ուղղութեամբ դաստիրակութեան՝ մարդկային վայրագութիւնը յագուրդ չունի դեռ:

Ի՞նչ կ’ընեն այսօր մեծ պետութիւնները աշխարհի տարածքին յարգել տալու համար վերոյիշեալ սկզբունքները: Մարդկային իրաւունքները կարծի՞ք է, քանի մը երեսո՞վ է,  լոզո՞ւնք է, իրաւական հա՞րց է, թէ քաղաքական փերեզակութեան նիւթ եւ երկու չափ երկու կշիռի ենթակայ հասկացողութիւն…:

Դար մը առաջ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը աւելի քան խախտում էր մարդկային իրաւանց: Աւելի քան մարդկութեան դէմ գործադրուած ոճիր էր: Ի՞նչ ըրին այն ատեն մեծ պետութիւնները: Կամ ի՞նչ ըրին անկէ ետք: Երբ առաջին աշխարհամարտի թոհուփոհին մէջ թուրք պետութիւնը գործեց իր ոճիրը պահուըտելով պատերազմի փոշիին մէջ, մեծ պետութիւնները լուր չունէի՞ն. Անշուշտ թէ ունէին:

Այսօր պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք: Սուրիական պատերազմի թոհուփոհին մէջ ո՛ւր աշխարհը զբաղած է անոր լուրերով, ուր ի միջի այլոց օր ցերեկով կը խախտուին մարդկային իրաւունքները եւ ոտքի տակ կ’երթայ մարդկային արժանապատուութիւնը, թուրքիա դարձեալ պատեհ առիթը գտած է հաշիւ մաքրելու իր իսկ քաղաքացիներուն հետ յար եւ նման այն ինչ որ ըրած է դար մը առաջ հայոց նկատմամբ: Հազարաւոր մարդիկ կը ձերբակալուին օրն ի բուն: Անոնց ամէն տեսակի վիրաւորանք կը հասնի: Կ’ոտնակոխուին անոնց մարդկային իրաւունքները:  Ի միջի այլոց ո՞վ կ’անդրադառնայ թէ ինչե՜ր կը կատարուի այսօր արեւելեան թուրքիոյ մէջ:

Ե՞րբ մարդկային իրաւունքներով ճառող պետութիւնները խօսքէ գործի պիտի անցնին: Ե՞րբ մարդկային իրաւունքները  պիտի յարգուին աշխարհի երեսին: Ե՞րբ մարդիկ պիտի իրենց արժանապատուութեամբ ապրին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին