Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Վալանսի Մէջ Ցուցադրուեցան Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերող Լուսանկարներ

Վալանսի «Արմէնի» մշակութային միութեան նախագահ Գրիգոր Ամիրզայեան, 2 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ժան Մուլենի (Փոր-լէ-Վալանս) մշակութային կեդրոնին մէջ, ներկայացուցած է շուրջ 1200 լուսանկար «Ճանապարհորդութիւն դէպի Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ» խորագիրով: Այս մասին կը հաղորդէ «Նուվել տ՛Արմէնի»-ն։

Գրիգոր Ամիրզայեան լուսանկարները նկարած է Սեպտեմբեր 12-26 Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցելութեան ժամանակ: Ցուցադրուող նկարներէն 40-ը հեղինակին տրամադրած են ՀՀ սփիւռքի եւ ԼՂՀ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնները:

Լուսանկարներու ներկայացումէն ետք ցուցադրուած է նաեւ Խոսրով Իլիոզերի ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած վաւերագրական ֆիլմը, որ  նուիրուած է Սեպտեմբեր 21-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ իրականացուած զօրահանդէսին:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են Պուրկ-լէ-Վալանսի քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէ, Տրոմ-Արտեշի Ֆրանսահայ ռազմիկներու եւ դիմադիրներու միութեան նախագահ Ժորժ Երիցեան, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու պաշտօնական ներկայացուցիչներ եւ հայկական համայնքի 80 անդամներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին