7 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ախալցխայի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ` նուիրուած երկրաշարժէն տուժած անմեղ զոհերու յիշատակին: Ախալցիխէի հայ հասարակութիւնը, թիւ 3 հանրային դպրոցի աշակերտներուն հետ միասին, մասնակցեցաւ հոգեհանգիստին եւ իրենց տուրքը մատուցեց անմեղ զոհերու յիշատակին։ Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը:
7 Դեկտեմբեր 1988-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցաւ աւերիչ երկրաշարժ մը, որ յետագային կրեց Սպիտակի երկրաշարժ անուանումը: Երկրաշարժին հետեւանքով՝ զանգուածային վնասուածքներու եւ փլուզումներու ենթարկուեցան հազարաւոր շինութիւններ եւ անիկա պատճառ դարձաւ տասնեակ հազարաւոր մարդոց նահատակութեան:
Նոյն օրը, Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամերգութենէն ետք, Ախալքալաքի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւներ՝ արժանապատիւ Տէր Եղիշէ աւագ քահանայ Յարութիւնեանն ու արժանապատիւ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանը կատարեցին հոգեհանգստեան կարգ` ի յիշատակ 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժին հետեւանքով զոհուածներուն: Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ էին տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչները, հանրային դպրոցներու աշակերտներն ու ուսուցչական կազմերը, պետական եւ մասնաւոր կրթական, մշակութային կառոյցներու աշակերտներն ու աշխատակիցները, եւ բազմաթիւ հաւատաւոր քաղաքացիներ: