Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Ս. Փեթերսպուրկի ՄԷջ Լոյս Տեսած Են Արցախահայ Գրող Լեւոն Ադեանի Գիրքերը

Ս. Փեթերսպուրկի «Ամֆորա» հրատարակչական-տպագրական ընկերութիւնը օրերս միաժամանակ լոյս  ընծայած է անուանի արձակագիր, արցախահայ գրող Լեւոն Ադեանի «Այն հեռաւոր ամրանը» վիպակներու եւ պատմուածքներու ժողովածուն եւ «Հեռացող եզերք» վէպը:

Վիպակներու եւ պատմուածքներու ժողովածուի բոլոր հերոսները անարդարութենէն, չարէն ու վիշտէն յոգնած իրական մարդոց նախատիպեր են: Անոնց պատմութիւններու նկարագրութիւնը մարդոց կ’օգնէ շարունակել ապրիլ ու նորովի, նոր տեսանկիւնէ նայիլ աշխարհին, սիրել ու ներել, քանզի ան, որ կը ներէ, բարութիւն կ’ընէ, առաջին կարգին` իր հոգիին , իսկ յետոյ կը ներէ չարիք կատարած անձին, երբեմն` հակառակ իր կամքին:

Վիպակներուն եւ պատմուածքներուն մէջ Ադեան իր հերոսներուն չի տարբերակեր իբրեւ լաւ ու վատ մարդիկ, բարեկամներ ու թշնամիներ: Անոր համար բոլոր մարդիկ Աստուծոյ արարածներն են, որոնք ուրախութիւն ու հիասթափութիւն կը բերեն, կ’օգնեն աճիլ, զարգանալ, կոփել ոգին, քանզի կեանքի իմաստը, առաջին հերթին, յարկ է փնտռել հոգիի աշխարհին մէջ: Հեղինակի ստեղծագործութիւններու իւրաքանչիւր տող ընթերցողին կը տանի Արցախ լեռնաշխարհ` իր բարձրաբերձ սարերով, հեքիաթային բնութեամբ, սառնորակ աղբիւրներով, յորդառատ գետերով, զովաշունչ անտառներով, ծաղկուն դաշտերով:

Ժողովածուն թարգմանած եւ անոր հրատարակութեան աջակցած է պաքուեցի փախստական, ներկայիս ԱՄՆ բնակող բանաստեղծուհի Նելլի Աւակովան:

Միւս գիրքին` «Հեռացող եզերք» վէպին, հիմնական առանցքը հայ երիտասարդի եւ ազրպէյճանցի աղջկայ սիրոյ պատմութիւնն է` 80-ականներու վերջերը եւ 90-ական ներու սկիզբը Ազրպէյճանի մէջ նոր թափ առած հակահայ քաղաքականութեան մթնոլորտին մէջ: Հայ ազգաբնակչութեան զանգուածային ջարդերուն ու բռնատեղահանումներուն ընթացքին, որոնց վերջին ակորդը Պաքուի հայերու 1990թ. յունուարեան կոտորածն էր, գլխաւոր հերոսը, ծեծուջարդի ենթարկուած, պատահաբար կը փրկուի մահէն, իսկ անոր սիրեցեալը կը խոշտանգուի ու տառապանքով կը կիսէ հարիւրաւոր ու հազարաւոր հայերու զարհուրելի ճակատագիրը փառաբանական Պաքու քաղաքին մէջ: Վէպին մէջ նկարագրուող թէ՛ դարասկիզբի եւ թէ՛ մանաւանդ դարավերջի իրադարձութիւնները, որոնք կը ծաւալին պատումի առանցքի շուրջ, իրենց ընդհանրութեան մէջ կը նախապատրաստեն  ու կը կազմեն այն ատաղձը, որուն վրայ հիւսուած է սիրահար զոյգի երջանկութեան պատրանքները, որոնք  ի սկզբանէ  դատապարտուած էին կործանման:

Վէպին մէջ հանգամանալի, դրուագ առ դրուագ կը պատմուի 1988 Փետրուարին Սումկայիթի մէջ եւ 1990 Յունուարին Ազրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով իրագործուած հայկական ջարդերը, որոնք դարձան հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցեղասպանութեան ակնառու արտացոլանքը եւ առ այսօր ալ չեն ստացած միջազգային հանրութեան իրաւական եւ քաղաքական գնահատականը: Աւելին, աշխարհը, որուն աչքին առջեւ 20-րդ դարավերջին արդէն մէկ այլ աշխարհագրական հարթութեան վրայ, թէկուզ եւ փոքր ծաւալներով, կրկնուեցաւ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ 1915-1923-ի իրագործուած Հայոց Մեծ Եղեռնը, այսօր արդէն մոռացութեան  մատնած է Ազրպէյճանական ԽՍՀ տարածքի խաղաղ հայ բնակչութեան` ծերունիներու, կանանց ու երեխաներու զանգուածային սպանութեան, կտտանքի, բռնաբարութեան, ողջակիզման, նոյնիսկ բացայայտ մարդակերութեան, միով բանիւ` գազանային վայրագութեամբ իրագործուած բռնատեղահանման ու սպանդի իրողութիւնը:

Ինչպէս վէպը, նոյնպէս եւ վիպակներու ու պատմուածքներու ժողովածուն հրատարակուած են 1000-ական օրինակ տպաքանակով:

Երկու գիրքերու գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարած է Անաստասիա Սամոյլովան, խմբագրումը` Էռնա Կեոլեցեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին