Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

«Սուրիահայ Մշակոյթի Շունչը Երեւանի ՄԷջ» Բարեգործական Ցուցահանդէս-Տօնավաճառ` Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Օրուան Առթիւ

8 Դեկտեմբեր 2016-ին,  ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուան առթիւ ՀՀ կառավարութեան նիստերու մեծ դահլիճի նախասրահին մէջ մեկնարկեց «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» աւանդական դարձած բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը:

Ներկայացուած էին 65-է աւելի սուրիահայերու ձեռագործ աշխատանքներ, ոսկերչական իրեր, քաղցրեղէն:

Նախարարը մէկիկ-մէկիկ տաղաւարներուն այցելութիւն տալէ ետք պատասխանեց Հալէպի կեդրոնի ազատագրման, օդակայանի բացման հնարաւորութեան եւ սուրիահայերու հնարաւոր վերադարձին վերաբերող լրագրողներուն հարցումներուն:

Ցուցահանդէս-տօնավաճառը պիտի գործէ նաեւ 9 Դեկտեմբերին, ժամը` 10:00-19:00:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին