ՀՀ նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան, 8 Դեկտեմբեր-ին, աշխատանքային այցով մեկնած է Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւ-արեւելեան զօրամասերէն մէկը:
ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ նախագահը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի եւ ՀՀ զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ՝ զօրամասի մշտական տեղակայման վայրին մէջ ծանօթացած է զօրամասի մարտական պատրաստականութեան, մտիկ ըրած է հրամանատարութեան զեկոյցը ինչպէս նաեւ շփում ունեցած է զինուորներուն հետ: Այնուհետեւ, շրջայց կատարած է շահագործման յանձնուած նորակառոյց զինաւանին մէջ, ծանօթացած՝ ստեղծուած պայմաններուն եւ զինուորական ճաշարանին մէջ ճաշած է անոնց հետ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին աչքի ինկած շարք մը զինծառայողներ:
ՀՀ նախագահը այնուհետեւ աշխատանքային այցով մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: