Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Մարսէյլի ՄԷջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութիւնը Մասնակցեցաւ «Աշխարհի Համերը» Ամէնամեայ Ձեռնարկին

5 Դեկտեմբեր 2016-ին, Մարսէլի Արժէթուղթերու Պալատին մէջ (Palais De La Bourse) տեղի ունեցաւ «Աշխարհի համերը» խորագիրով ամէնամեայ ձեռնարկը, ուր Մարսէլի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հովանիի ներքոյ ներկայացուած էր նաեւ հայկական տաղաւարը: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Մարսէլ-Փրովանսի Առեւտրի համաշխարհային կեդրոնի, Առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու եւ Երկկողմ գործարար ակումբներու միութիւններուն (l’UCCCAB) կողմէ, որուն կը մասնակցէին աւելի քան 30 երկիրներու գլխաւոր հիւպատոսութիւններ` ներկայացնելով իրենց երկիրներու խոհանոցի առանձնայատկութիւնները, գիւղատնտեսական, գինեգործական աւանդոյթներն ու նորոյթները: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Ձեռնարկին այս տարուան նշանաբանը մարմնամարզութիւնն էր, որ պայմանաւորուած էր Մարսէլը 2017-ին մարմնամարզութեան եւրոպական մայրաքաղաք հռչակելու եւ 2024 թուականի Ողիմպիական խաղերու իրականացման համար Փարիզի թեկնածութիւնը առաջադրելու հանգամանքով:

ՀՀ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան եւ Ֆրանս-հայկական առեւտրաարդիւնաբերական պալատի նախագահ Պերնարտ Հատէմեան հանդիսաւոր կերպով հայկական տաղաւարին բացումը կատարեցին, ուր ներկայացուած էին Հայաստանի մէջ արտադրուած գինիներ, քոնեակներ եւ այլ հայկական խմիչքներ, հայկական լեռնաշխարհին մէջ աճող բնական խոտաբոյսերէ պատրաստուած թէյեր եւ թուրմեր, անուշներ, հայկական ճաշարանին կողմէ պատրաստուած ազգային խորտիկներ: Հայկական տաղաւարին մէջ այցելուներուն հայկական խմիչքներ կը հիւրասիրէր 2008-ին Ֆրանսայի լաւագոյն մառանապետ ճանչցուած Սերժ Ղուկասեան:

Հաշուի առնելով, որ ձեռնարկը ունէր մարզական նշանաբան` ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ, Էւերեստի գագաթը նուաճած լեռնագնաց Արա Խաչատրեանը եւ «Արծիւ» մարզական ակումբի սաները:

Հայկական տաղաւարը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց եւ ջերմօրէն ընդունուեցաւ այցելուներուն կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին