ՇԱՔԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
26 Նոյեմբեր 2016-ին, Կրընոպլի Հայ Մշակոյթի Տան «Մարանճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երգ ու պարի երեկոյթ մը, մասնակցութեամբ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ֆրանսայէն երգիչներու եւ Կրընոպլի «Երեւան» երկսեռ պարախումբին։ Ձեռնարկը նուիրուած էր զոյգ հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին։ Ներկայ էին Բաբգէն քհնյ. Ստեփանեան, Մշակոյթի Տան տնօրէնուհի Սիրանոյշ Խաչատրեան եւ մեծ թիւով հանդիսականներ։
Նախ իր երգերով ժողովուրդը խանդավառեց Համլէթ Գէորգեան, որու յաջորդեց ֆրանսահայ երգիչ Սարգիս Հարոյեան, ապա ելոյթ ունեցան Արցախէն երկու երգչուհիներ՝ Լիլիթ Ավանէսեան եւ Աննա Իսմայիլեան, որոնք յուզումով կատարեցին Արցախի նուիրուած հայրենասիրական երգեր, իսկ տուտուկահար Լեւոն Չատիկեան ներկայացուց հայաշունչ մեղեդիներ։ «Երեւան» պարախումբն ալ իր գեղեցիկ պարերով յատուկ փայլ տուաւ հանդիսութեան։
Տեղին է շնորհակալութիւն յայտնել հայրենի երգիչներուն ընկերացող Ստեփանակերտի «Սայեաթ Նովա» երաժշտական ուսումնարանի տնօրէնուհի Տիկ. Կարինէ Տատամեանին եւ Վալանսի երգ ու պարի ակադեմիայի տնօրէն Պրն. Լեւոն Չատիկեանին։ Այս վերջինը յատկապէս օժանդակած է խումբին Վալանս, Լիոն եւ Կրընոպլը շրջապտոյտին կապուած աշխատանքներուն։ Շնորհակալութիւն նաեւ տնօրէնուհի Սիրանոյշ Խաչատրեանին եւ պարուսոյց Վարուժին, որոնք նպաստեցին երեկոյթի յաջողութեան։