Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքի «Գոմեր» կոչուող տարածքին մէջ, 8 Դեկտեմբեր-ին, տեղի ունեցած է ողբերգական ինքնաշարժի վթար: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ԱԻՆ մամուլի ծառայութիւնը, ըստ News.am-ի: Lexus մակնիշի Պաշտպանութեան նախարարութեան համարանիշներով ինքնաշարժը ձոր գլորուած է, որուն հետեւանքով վարորդն ու ուղեւորը մահացած են:
Պարզուած է, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանին սպասարկող ինքնաշարժներէն մէկը վթարի ենթարկուած է, որուն հետեւանքով զոհուած են պայմանագրային զինծառայող հարիւրապետ Արմէն Վէսմիրի Մուսիկեանը (վարորդ) եւ անվտանգութեան աշխատակից հրամանատար Ալեքսան Նուէրի Սիմոնեանը: