Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, 8 Դեկտեմբեր-ին, Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ դիմաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:
Հանրապետութեան կեդրոնական շրջանի զօրամասերէն մէկուն մէջ նախագահները ներկայ գտնուած են նոր զօրանոցի բացման արարողութեան:
Նոյն օրը, Արցախի եւ Հայաստանի նախագահները ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հրաւիրած են խորհրդակցութեան, որուն ընթացքին քննարկուած են բանակաշինութեան եւ սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր: