ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան յարկին տակ տեղի ունեցաւ մանկագիր եւ երգահան Ֆիրա Զեֆա Ագեանի գրական երեկոն:
Հիւպատոսութեան ֆէյսպուքեան էջը կը հաղորդէ, թէ ՀՀ հիւպատոս Արմելլա Շաքարեան Ֆիրա Զեֆա Ագեանին յանձնեց ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան պատուոգիր՝ մատաղ սերունդի դաստիարակութեան եւ հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալից աւանդի համար: Երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցան Վ. Ալեքսանեանի պարային խումբի սաները: