Պուլկարիոյ խումբ մը մշակութային գործիչներ` էթնոերաժշտագէտ, Փլովտիւի պարի, երաժշտութեան եւ գեղարուեստի ակադեմիոյ փրոֆ. Զոյա Միկովը, Փլովտիւի պարի, երաժշտութեան եւ գեղարուեստի ակադեմիոյ փրոֆ.՝ Լիւբեն Տոսսեւը, Մկրտիչ Գասպարեանը, Վլադիմիր Վլադիմիրովը, Փլովտիւի «AGBU Voice» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Հռիփսիմէ Էրնիասեանը, «Indi-Roma 97»-ի նախագահ Ալպէնա Կոստադինովան, Պուլկարիոյ գիտութիւններու ակադեմիոյ Ազգագրութեան թանգարանի ազգագրութեան եւ բանահիւսութեան հետազօտութիւններու հիմնարկի փրոֆ. Իրինա Գոլարսկին, միացած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան:
«Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժման նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական, ընկերային բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան: