Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Ես Խորապէս Մտահոգուած Եմ Թրամփի Եւ Իր Անձնակազմին` Թուրքիոյ Հետ Ունեցած Կապերուն Առնչութեամբ. Ատամ Շիֆ

Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու կարեւոր գործընկերն է, եւ մենք շահագրգռուած ենք տեսնելու Հայաստանը տնտեսապէս զարգացած: Այս մասին «Ամերիկայի ձայն»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է ԱՄՆ քոնկրեսական, Հայկական յանձնախումբի փոխհամանախագահ Ատամ Շիֆ: Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման համար քոնկրեսականը կ՛առանձնացնէ բարձր արհեստագիտական ոլորտը, որ ըստ Ատամ Շիֆի մեծ հեռանկարներ ունի Հայաստանի մէջ:

«Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանը ի շնորհիւ իր մտաւոր ազգային ներուժին կրնայ դառնալ Կովկասի սիլիքոնային հովիտը: … Ատիկա հնարաւոր չէ հեշտութեամբ շրջափակել, քանի որ խօսքը մտաւոր սեփականութեան եւ հեռահաղորդակցութեան մասին է: Ուստի ես կը ցանկամ, որ ԱՄՆ-ն աւելի ստեղծագործ աշխատի Հայաստանի հետ այս ուղղութեամբ` Հայաստանի տնտեսութեան այս հատուածը զարգացնելու համար։ Հայաստանի տնտեսական զարգացման կարեւոր արտաքին խոչընդոտներէն է Թուրքիոյ շրջափակումը ու Ազրպէյճանի հետ կապուած խնդիրները»,- կ’ըսէ քոնկրէսական Շիֆ:

Ան կոչ կ՛ընէ ԱՄՆ-ի դիւանագէտներուն աւելի կտրուկ ու առարկայական արձագանգել Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումներուն:

ԱՄՆ-ի համար Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը քոնկրեսական Շիֆ կը կապէ նաեւ ամերիկահայ մեծ համայնքի առկայութեան հետ, որ, ինչպէս ան կ’ըսէ, աշխոյժ դեր ունի Հայաստանի կեանքին, յատկապէս երկրին մէջ օրէնքի գերակայութեան հաստատման խնդիրին մէջ:

«Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարեւոր են նաեւ, քանի որ մենք ունինք մեծ հայկական համայնք, որ չափազանց ազդեցիկ է Հայաստանի մէջ եւ կը փորձէ զարգացնել այնտեղ օրէնքի գերակայութիւնը: Իմ ընտրատարածքիս մէջ ես գիտեմ շատ մարդիկ, որոնք պատրաստ են ներդրումներ ընելու Հայաստանի մէջ, սակայն մեր մտահոգութիւնը այն է, թէ արդեօք այդ ներդրումները կը պաշտպանուին օրէնքի ուժով»:

Սակայն քոնկրեսականը ունի մտահոգութիւններ` Հայաստանին եւ ամերիկահայ համայնքին վերաբերուող հարցերու շուրջ գալիք ամերիկեան վարչակազմի յետագայ դիրքորոշման վերաբերեալ, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով: Ինչպէս կ՛ըսէ Շիֆ, նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփ ու անոր անձնակազմի որոշ անդամներ սերտ գործնական կապեր ունին Թուրքիոյ հետ, որ բացասաբար կրնայ անդրադառնալ ԱՄՆ-ի մէջ հայկական օրակարգին վրայ:

«Ես խորապէս մտահոգուած եմ նորընտիր նախագահի եւ իր անձնակազմի անդամներուն, մասնաւորապէս ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ֆլինի Թուրքիոյ հետ ունեցած կապերու առընչութեամբ: Նախագահը ունի տնտեսական հետաքրքրութիւններ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ, որ տեսանելի է Թուրքիոյ մասին իրենց ըրած յայտարարութիւններուն մէջ»:

Քոնկրեսականին կարծիքով Թուրքիոյ նկատմամբ առկայ հետաքրքրութիւնը յատկապէս դրսեւորուեցաւ Ֆաթուլահ Կիւլենի հետ կապուած հարցով, երբ առանց լուրջ հիմնաւորումներու Թրամփի անձնակազմի որոշ անդամներ կոչ կ՛ընէին ԱՄՆ-ին յանձնելու Կիւլենը Թուրքիոյ:

Հարցազրոյցի ընթացքին քոնկրեսական Շիֆ անդրադարձած է նաեւ սուրիական ճգնաժամին ու քննադատութեան ենթարկած Ռուսիոյ դերակատարութիւնը այս հակամարտութեան մէջ, որ կ’ուժեղացնէ Պաշշար Ասատի դիրքերը ու կը համոզէ զայն, որ այս հակամարտութիւնը հնարաւոր է լուծել ռազմական ճանապարհով:

«Սուրիական ճգնաժամը խոշոր մարդասիրական ճգնաժամ է, որուն արդիւնքով ունինք Երկրորդ աշխարհամարտէն ի վեր շատ աւելի փախստականներ` մնացած հակամարտութիւններուն հետ համեմատած: Կը կարծեմ ամբողջ աշխարհի ջանքերը պէտք է միտուած ըլլան այս հակամարտութեան դադրեցման: Ցաւօք սրտի, Ռուսիան այս հակամարտութեան մէջ ունի բացասական դեր: Անոր գործողութիւնները հակամարտութիւնը կ՛երկարացնեն: Ռուսիան ըսած էր, որ կը միանայ Տաէշ-ի դէմ պայքարին, սակայն իրականութեան մէջ ակնյայտ է, որ իր հիմնական թիրախը Սուրիոյ չափաւոր ընդդիմութիւնն է»:

Ան դրական գնահատեց Հայաստանի ներդրումը Սուրիայէն փախստականներ ընդունելու եւ անոնց քաղաքացիութիւն շնորհելու հարցով` ընդգծելով միջազգային կառոյցներու կողմէ օգնութեան տրամադրման անհրաժեշտութիւնը:

«Ես կ՛ընեմ ամէն ինչ, որ Հայաստանը ստանայ օժանդակութիւն ՄԱԿ-ի կառոյցներէն եւ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութենէն` փախստականներուն օգնելու համար»:

Ան նաեւ կարեւոր համարեց Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան հարցը, որոնց շարքին են այդ երկիրներու մէջ դարերէ ի վեր ապրող հայկական համայնքները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին