ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դու ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման կը միանան ոչ միայն սփիւռքեան դպրոցները, այլ նաեւ մշակութային միութիւնները, խումբերն ու անհատները:
Փլովտիւի ՀԲԸՄ «Աստղիկներ» մանկական պարային խումբը եւս միացած է «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժման: Պարուսոյցն է Անժէլա Վէզիրեան Նաչեւան:
Ներկայիս Պուլկարահայ համայնքը ոչ պաշտօնական տուեալներով կը կազմէ մօտ 30.000 մարդ: Պուլկարահայութիւնը գլխաւորաբար կ’ապրի Սոֆիայի, Փլովտիւի, Վառնայի, Պուրկասի մէջ: Փլովտիւի մէջ, կրկին ոչ պաշտօնական տուեալներով, շուրջ 9.000 հայ կ’ապրի: