Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

«Արցախը Միշտ Մտքիս ՄԷջ Է».Ադամ Պարրօ

Հարցազրոյց վարեց` ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ

Ֆրանսաբնակ օփերայի երգիչ Ադամ Պարրոն (Մուրատ Ամիրխանեան) միացած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժումին: «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին երգիչը ըսաւ, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ հանդիպման ընթացքին իրազեկուելով շարժման մասին` միանգամայն որոշած է մաս կազմել համահայկական նախաձեռնութեան, այն համոզմամբ որ Հայաստանին եւ Արցախին սատարելը պէտք է բոլորիս ամէնօրեայ մտահոգութիւնը ըլլայ:

–Ադա՛մ, ինչպէս յաճախ կը նշէք, Հայաստան գալու պատեհ առիթը երբեք չէք կորսնցներ: Այս անգամ ի՞նչ նպատակով եկած էք:

–Ուրախ եմ, որ կրկին վերադարձած եմ Հայաստան եւ հնարաւորութիւն ունիմ շփուելու(արեւլհ.) շաղուելու հայրենակիցներուս հետ, զբօսնելու երեւանեան փողոցներով:

Այս անգամ կնոջս ու աղջիկներուս հետ եկած եմ: Մեզի համար սուրբ պարտականութիւն է Դեկտեմբեր 7-ին` Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժի օրը Կիւմրի այցելելը ու գլուխ խոնարհելը ծնողներուս շիրիմին:

Երբ Հայաստան կու գամ, անպայման կը հանդիպիմ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին: Ինծի համար շատ կարեւոր է նախարարին հետ հանդիպումը եւ իբրեւ արտերկիր ապրող օփերայի հայ երգիչ` իրեն կը պատմեմ կատարած աշխատանքներուս ու ձեռքբերումներուս մասին:

Հրանոյշ Յակոբեանին ներկայացուցի Ապրիլէն ետք (երբ ան զիս «Կոմիտաս» մետալով պարգեւատրեց) ծաւալած գործունէութեանս արդիւնքները: Այդ պարգեւատրումով, կարծես, Աստուծոյ կողմէ առաւել օրհնուեցայ, քանի որ  առջեւս շատ դռներ բացուեցան: Նախարարը ինծի տեղեկացուց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման մասին, որ գրաւեց ուշադրութիւնս:

Հասկնալով շարժման խորագիրի բուն էութիւնը կրնամ ըսել, որ սոյն շարժումը համախմբուածութեան կոչ է, այլ ոչ թէ` պահանջ կամ հրաման: Պէտք է եղբայրական սիրով ընկալենք այս գաղափարը, ամբողջ հայութեամբ հարց տանք մենք մեզի, թէ ինչ ըրած ենք Ղարաբաղի համար եւ ձեռք ձեռքի տուած` քայլեր ձեռնարկենք` ի սատարումն Ղարաբաղի:

Արդեօք դուք նոյնպէս կը միանա՞ք համահայկական շարժման:

-Անվարան կը միանամ: Շատ կարեւոր նախագիծ նախաձեռնած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը, որուն միջոցով մէկ անգամ եւս բոլորի ուշադրութիւնը Արցախի շուրջ կը հրաւիրուի: Այս իրողութիւնը  նաեւ հայ ժողովուրդի  համախմբուածութիւնը ցոյց կու տայ:

Առհասարակ, օր ու գիշեր կը մտածեմ Արցախին օգտակար ըլլալու մասին. Արցախը միշտ իմ միտքիս մէջ է: Արուեստագէտը, իբրեւ «զէնք», կրնայ իր ձայն ու բեմը օգտագործել ու հնարաւորինս շատ համերգներ ունենալով` ներկայացնել ու համար Հայաստանն ու Արցախը: Ես պատրաստ եմ այդ «զէնք»-ը օգտագործելու:

Այդ միջոցով այլազգի շատ արուեստագէտներ կը հետաքրքրուին Հայաստանով եւ Արցախով եւ, գուցէ, փորձեն աջակցիլ մեզի: Քիչ չեն դէպքերը, երբ արտասահմանցի շատ անուանի երգիչ-երգչուհիներ թէպէտ յայտնուած են Պաքուի «սեւ ցուցակ»-ին մէջ, բայց կը շարունակեն իրենց գործունէութեամբ Արցախի կողքին ըլլալ:

Մտածած եմ Փարիզի մէջ մեծ համերգ կազմակերպել, որ նուիրուած ըլլայ Արցախին: Ինչպէս ամէն օր` կը մտածենք հայոց ցեղասպանութեան հարցի արդարացի լուծման մասին, այնպէս ալ Արցախին սատարելու մասին պէտք է մտածենք:

Ամէն ինչ պիտի ընեմ Հայաստան-Ֆրանսա-Արցախ կամուրջը պահպանելու եւ ամրապնդելու ուղղութեամբ: Նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու մասնակցելով`գլուխս հանգիստ խղճով  բարձին կը դնեմ:

Արցախին աջակցելու հարցով արդէն փոքրիկ ներդրում ունեցած եմ: Երբ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն յետոյ Հայաստան եկայ, «Կնոջ կողքին» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր Լիլիթ Ամիրշադեան Արցախի երեխաներուն հագուստ տրամադրելու խնդրանքով դիմեց զիս: Վերադառնալով Ֆրանսա` կնոջս հետ որոշեցինք համերգ կազմակերպել, որմէ գոյացած հասոյթը նպատակին ծառայեցուցինք:

Ադա՛մըսիքվերջին ամիսներուն բեղուն ստեղծագործական ընթացքի մէջ եղած էքշատ դռներ  բացուած են Ձեր առջեւ:  Մանրամասն կը պատմէ՞ք այդ ամէնուն մասին:

-Իսկապէս, Ապրիլ ամիսէն յետոյ յագեցած ծրագիր ունեցած եմ` համերգներ, հանդիպումներ, վարպետութեան դասեր եւ այլն: Իտալիոյ Քիէթի քաղաքին մէջ կայացած վոկալիստներու փառատօնին «Կրան-Փրի» մրցանակը  ստացած եմ: Յաջորդիւ այնտեղ մենահամերգ պիտի ունենամ:

Յետոյ մեկնեցայ Սպանիա, ուր նոյնպէս վոկալիստներու մրցոյթին առաջին կարգի մրցանակին արժանացայ: Ֆրանսայի Մանտ քաղաքին մէջ անուանի վոկալիստներու վարպետութեան դասեր տուած եմ: Անոնք նաեւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները կը կատարէին այնպիսի հմտութեամբ, որ կարծես` վաղուց լսած էին եւ հաղորդակցուած հայ անուանի երգահանի երգերուն:

2017 թուականին Փարիզի մէջ առաջին անգամ «Կոմիտաս» փառատօնը պիտի կազմակերպեմ: Փառատօնին պիտի հնչեն նաեւ ֆրանսացի երգահաններու ստեղծագործութիւններէն:

Իմ վերջին ձայներիզիս մէջ, «Աւէ Մարիա»-ներու տասնվեց կատարումներու շարքին, ձայնագրեցի Մխիթար Սեբաստացիի 17-րդ դարուն գրուած «Հիմն Աստուածամօր» ոչ այնքան ճանչցուած ստեղծագործութիւնը: Ձայնասկաւառակի նախաբանին մէջ տեղ գտած է նաեւ Ալէն Տիւոյի կարծիքը իմ մասիս, որ մեծ պատիւ է ինծի համար:

Այս տարի Փարիզի Ռախմանինովի անուան երաժշտանոցի փրոֆէսոր դարձայ: Ֆրանսացի երեխաներու հոգիին մէջ հայկական երգը կը սերմանեմ: Ճիշդ է, անոնք ֆրանսերէնի թարգմանուած կ’երգեն, այնուամենայնիւ, այդ միջոցով կը ծանօթանան հայկական մշակոյթին: Երեխաներուն մօտ միշտ կը խօսիմ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին:

2017 թուականին Հայաստանի մէջ կրկին երաժիշտ-կատարողներու «Վերածնունդ» միջազգային  9-րդ մրցոյթ-փառատօնին մասնակցելու հրաւէր  ստացած եմ:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ 2017 թուականին համագործակցութեան ուղիներ կը նշմարուի՞ն:

-Անկեղծ ըսեմ` մեծ ցանկութիւն ունիմ Հայրենիքիս մէջ հնարաւորինս շուտ մենահամերգ ունենալու: Այդ մասին հանդիպման ժամանակ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին տեղեակ պահեցի: Ան սիրով պատրաստակամութիւն յայտնեց ցանկութիւնս իրականութիւն դարձնելու համար օգնել զիս:

Համերգը, հաւանաբար, տեղի կ’ունենայ 2017-ի Սեպտեմբեր ամսուն` ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Երգում ենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս: Համերգին ժամանակ կը նախատեսուի նշել  նաեւ իմ բեմական գործունէութեանս 20 տարին:

Հրանոյշ Յակոբեանի հետ նոյնիսկ 2018-ի համագործակցութեան ծրագիրը քննարկեցինք: Առաջ Աստուած, որոշած ենք Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին ընդառաջ` «30 տարի երկրաշարժէն անց» խորագիրով համերգը կազմակերպել: Մտածած ենք բեմին վրայ մէկտեղել երկրաշարժէն յետոյ աշխարհասփիւռ դարձած Կիւմրեցի երիտասարդներ` տեսնելու համար, թէ Սփիւռքի մէջ ինչ ձեռքբերումներու հասած են ու ինչ գործունէութիւն կը ծաւալեն: Համերգի կեանքի կոչումը կարեւոր նախաձեռնութիւն պիտի ըլլայ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին